ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Նախագահութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Հինգշաբթի օր խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան իր անդրանիկ նիստը, որ ծառայեց շօշափելու երեսփոխաններուն կամ երեսփոխանական զանազան խմբակներու բազկերակները:
Նիստին ներկայ էին 122 երեսփոխաններ, 4 երեսփոխաններ բանաւոր պատճառներով բացակայ էին, իսկ երկու ուրիշներ` Սթրիտա Ժաաժաա եւ Սելիմ Սայէղ, բացակայ էին:
Նիստը սկսաւ իր բնական սահմանադրական ընթացքով եւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն, որմէ պարզուեցաւ արդիւնքներու հետեւեալ պատկերը. ճերմակ քուէ` 63, Միշէլ Մուաուատ` 36, Սելիմ Էտտէ`11, Լիբանան`10, Մահաս Ամինի` 1 եւ Ռաշիտ Քարամէի ուղեգիծ` 1:
Քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ Պըրրի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է նախագահական ընտրութեան երկրորդ նիստը անմիջապէս սկսելու, սակայն այդ պահուն իսկ խորհրդարանին մէջ օրինական թիւը չքացաւ: Հետեւաբար յայտարարուեցաւ նիստին աւարտը:
Պըրրի ընդգծեց, որ յաջորդ նիստը պիտի հրաւիրէ նախագահի անձին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելէ ետք։
Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն գոհունակութիւն յայտնեց նախագահական ընտրութեան գործընթացին սկիզբին համար եւ մաղթեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստերուն գումարումը շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարենայ շարունակել բարեկարգումի եւ զեղծարարութիւններու դէմ պայքարելու ուղին, ինչպէս նաեւ դիմակայէ տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները, որոնցմէ կը տառապին քաղաքացիները: