Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարեց, որ այժմ կը քննարկուի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներու համաձայնութիւններու իրականացման նպատակով, բարենպաստ պայմաններու ստեղծման նպաստելու համար, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդներու օգտագործման կարելիութիւնը: Այս մասին տեղեկացուց «Ազատութիւն»ը։
Ըստ Լաւրովի` խօսքը «մասնաւորաբար հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ ընդհանուր առմամբ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին է, ներառեալ՝ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը:
«Կը կարծեմ, թէ ԱՊՀի կողմէ աջակցութիւնը նոյնպէս պահանջուած պիտի ըլլայ, ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան , ըսաւ Լաւրով՝ հաստատելով, որ պաշտօնական Մոսկուան մեծ նշանակութիւն կու տայ համագործակցութեան, ՀԱՊԿի ծիրին մէջ: