4 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճան Հայաստանին յանձնեց 13 Սեպտեմբերին հայ-ատրպէյճանական սահմանային արիւնալի բախումներէն ետք գերի ինկած անձերը։ «Ազատութեան» այս լուրը փոխանցեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ մանրամասնեց, որ ատրպէյճանական կողմը, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, հայկական կողմին վերադարձուց 17 հայ ռազմագերիներ՝ յայտնելով անոնց անուն-մականունները։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւս հաստատեց, որ 17 հայ ռազմագերիներու վերադարձը իրականացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվընի նախաձեռնութեամբ, 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման պայմանաւորուածութեան իբրեւ արդիւնք:
«Յոյս ունեմ, որ եռակողմ աշխատանքը կը շարունակի դրական արդիւնքներ գրանցել հումանիտար (մարդասիրական) հարցերի լուծման, տարածաշրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման համար, եւ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները կը կատարուեն: Հայաստանը շարունակում է հաւատարիմ մնալ Վաշինգտոնում ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններին», յայտնեց Գրիգորեան:
Ըստ միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչի գրասենեակին`Ատրպէյճան հաստատեց, որ Սեպտեմբերի մարտերէն ետք 17 նոր ռազմագերիներ ունի: