6 Հոկտեմբերին, Փրակի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի առանձնազրոյցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն քառակողմ հանդիպումէն ետք, «Թուիթըր»ի վրայ տեղադրեց լուսանկար մը՝ անոր տակ գրելով. «Յանուն Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան»:
Ասիկա Փաշինեանի եւ Ալիեւի առաջին հանդիպումն էր շաբաթներ առաջ Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձակումէն ետք, որուն պատճառով Ատրպէյճան բռնագրաւեց Հայաստանի որոշ տարածքներ՝ յառաջխաղացք արձանագրելով Ջերմուկի եւ Սիւնիքի մէջ:
Ալիեւ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ անիկա կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ խաղաղութեան պայմանագիրին հասնելու համար:
«Յոյսով եմ, որ մենք աստիճանաբար կը մօտենանք խաղաղութեան: Յառաջիկային արտաքին գործոց նախարարները պէտք է հանդիպին երկրորդ անգամ. մենք առաջարկեցինք, որ անկէ ետք երկու երկիրներու աշխատանքային խումբերը հանդիպին եւ քանի մը օրերու ընթացքին զբաղին խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան նախապատրաստումով», ըսաւ ան:
Ալիեւ դարձեալ պահանջեց, որ «հայկական զինուած կազմաւորումները դուրս բերուին Ղարաբաղէն»։ «Անշուշտ, անոնց մէկ մասը արդէն դուրս բերուած է մեր հողէն, եւ յոյս ունիմ, որ ասոր ալ վերջ կը տրուի», յայտարարեց ան:
Քառակողմ հանդիպումէն առաջ, Ալիեւ, արձագանգելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ Փաշինեան կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին՝ ուղղակի խօսիլ Ղարաբաղի հետ, ի՞նչ է անոր պատասխանը՝ ըսաւ. «Ղարաբաղի հայերը մեր քաղաքացիներն են: Անոնց հետ կապը մեր ներքին գործն է, որ մենք երրորդ երկրի հետ չենք պատրաստուիր քննարկել»: Ան ընդգծեց, որ Ղարաբաղի հայերը պիտի ունենան նոյն իրաւունքները, զորս ունին ատրպէյճանցիները։ «Անոնք կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց գոյութիւնը՝ համարկուած ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ, շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան հիմա», ըսաւ Ալիեւ: