
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Փրակի մէջ հանդիպման ընդառաջ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Հինգշաբթի օր տուաւ մամլոյ ասուլիս մը. ստորեւ կու տանք այդ մասին Փայլանի գրասենեակին յղած հաղորդագրութիւնը.
«Փայլան նշեց, թէ այսօր Փրակի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ՝ պիտի հանդիպին նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան։ «Յուսամ այս պատմական հանդիպումը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան։ Դարերէ ի վեր միասնաբար ապրած հայեր, ատրպէյճանցիներ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդները դժբախտաբար վերջին հարիւրամեակին հակամարտութիւններու պատճառով հեռացան իրարմէ։ Մինչեւ հարիւր տարի առաջ Անատոլուի իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ հայեր կը բնակէին, այսօր ափ մը մնացած ենք։ Դեռ կանք, եւ իբրեւ Թուրքիոյ հայեր տակաւին խաղաղութիւն կը պահանջենք։ 35 տարի առաջ ատրպէյճանցիները եւ հայերը միասին կ՛ապրէին ։ Սովետական Միութեան կազմալուծութենէն անմիջապէս ետք ստեղծուած այս երկու երկիրները՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, յայտնուեցան պատերազմի մէջ եւ երկու ժողովուրդներն ալ 35 տարիէ ի վեր պատերազմելով կը պարտուին։ Ա՛լ պատերազմին վերջ տալու պահն է։ Եւ այս ուղղութեամբ Թուրքիա պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ։ Իմ երկրի նախագահը՝ պր. Էրտողան, պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ։ Ազգային ժողովը տարածաշրջանային խաղաղութեան համար պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ։ Այս առումով բոլորը պատասխանատուութիւն ստանձնելու կը հրաւիրեմ», ըսաւ Փայլան։
«Ան յիշեցուց, որ 1993ին Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան պատճառով Թուրքիա փակած էր Հայաստանի իր սահմանադուռը։ «Ինչպէս որ դուռը փակ երկու դրացիներ իրենց հարցերը չեն կրնար լուծել, Թուրքիա եւ Հայաստան ալ իրենց հարցերը չեն կրնար լուծել։ Բայց եթէ դռները բանանք, խօսիլ սկսինք, յարաբերութիւն ստեղծենք՝ այն ժամանակ պիտի տեսնենք, թէ չունինք անլուծելի որեւէ հարց»։ Փայլան ըսաւ, որ 1993ին Հայաստան խաղաղութեան ձեռք մեկնած էր, սակայն Թուրքիա այդ առիթը չկրցաւ օգտագործել։ Ան յիշեցուց 2008ի ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը։ «Այդ ժամանակուան նախագահները՝ Ապտուլլահ Կիւլ եւ Սերժ Սարգսեան հանդիպեցան թէ՛ Երեւանի, թէ Պուրսայի մէջ։ Այդ օրերուն արձանագրութիւններ ստորագրուեցան, սակայն երկու կողմի ազգայնականները արգելք եղան խաղաղութեան հաստատման։ Սա երկրորդ առիթն էր, որ փախցուցինք։ Խաղաղութեան բացակայութեան պատճառով, 2020ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 44օրեայ պատերազմ մը սանձազերծուեցաւ։ Հայաստանցի ու ատրպէյճանցի հազարաւոր երիտասարդներ մահացան։ Առանց խտրականութեան կը խոնարհիմ բոլորին յիշատակին առջեւ եւ կը ցաւակցիմ իրենց ընտանիքներուն։ Որովհետեւ քաղաքական գործիչները չկրցան հաշտուիլ, ցաւը՝ ժողովուրդները ունեցան։ Ստեղծուեցաւ այնպիսի ընկալում մը, թէ այս ժողովուրդները պատմական թշնամիներ են։ Բայց, ինչպէս Եաշար Քեմալ կ՛ըսէր, եթէ նոյնիսկ մահը յոգնած է՝ ժամանակն է խաղաղութեան երգեր երգելու»։
«Ըստ Փայլանի՝ հակառակ այլ երկիրներու ջանքերուն, Թուրքիա խաղաղութեան համար պատասխանատուութիւն չստանձնեց, այլ կողմնակցութիւն ընելով՝ կը կանգնի Ատրպէյճանի կողքին։ «Ատրպէյճանը «ջան» կը կոչէ Թուրքիան։ Բայց, պարո՛ն Էրտողան, պէտք է գիտնաք, որ այս արտայայտութիւնը ամէնէն շատ Հայաստանի մէջ կը գործածուի։ Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը կը հաստատենք այն ատեն, երբ «ջան Ատրպէյճան» ըսելու պէս ըսենք նաեւ՝ «ջան Հայաստան»։ Ատրպէյճանցիները նոյնպէս հայերը ջան պիտի կոչեն եւ հակառակը։ Տարածաշրջանային խաղաղութեան բարիքները բոլորս պիտի վայելենք։ Հիմա ահա՛ խաղաղութեան առիթ մը եւս կայ»։
«Հայերը կ՛ըսեն, թէ Ղարաբաղը իրենցն է, ատրպէյճանցիներ ալ կ՛ըսեն թէ իրենցն է։ Ո՛չ, Ղարաբաղը կը պատկանի Ղարաբաղի ժողովուրդներուն, միասնաբար ապրիլ երազող ղարաբաղցի հայերու ու ատրպէյճանցիներու։ Սակայն ղարաբաղցի հայեր մտահոգ են իրենց ապագայով եւ պէտք է ապահովել անոնց ապահովութիւնը», ընդգծեց Փայլան՝ աւելցնելով. «Կոչ կ՛ուղղեմ , կը պահանջեմ սահմաններու անյապաղ բացումը։ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պէտք է բացուի։ Քաղաքական գործիչները առանձին չեն կրնար կերտել խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւնը կը կայանայ երբ իրարմէ հեռու մնացած ժողովուրդներ ողջագուրուին։ Պէտք է դռները բաց ըլլան։ Էրզրումի եւ Երեւանի պարը նոյնն է, այս ժողովուրդները նոյն երգերով արցունք կը թափեն ու կը զուարճանան։ Եթէ այս ժողովուրդները ողջագուրուին՝ այն ատեն պիտի տեսնէք, որ իրարու ամէնէն մօտիկ ժողովուրդներն են ասոնք։ Կոչ կ՛ուղղեմ Էրտողանին եւ Փաշինեանին՝ անյապաղ բանալու սահմանադուռը։ Խաղաղութիւն ուզել կը նշանակէ՝ ռիսք առնել (վտանգ յանձն առնել)։ Փաշինեան կ՛առնէ այդ ռիսքը։ Փաշինեան խաղաղութեան ձեռք կը մեկնէ։ Այսօր պիտի տեսնենք, թէ այդ ձեռքը կը սեղմեն, թէ ոչ։ Պր. Էրտողանէն կը խնդրեմ, որ սեղմէ Փաշինեանի երկարած ձեռքը»։
«Ապա Փայլան ըսաւ, թէ պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնեն նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարանները, մտաւորականները, լրագրողները, առեւտուրի եւ տնտեսական կառոյցները, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները։ Հուսկ ան շնորհակալութիւն յայտնեց երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչին ու Ռուբէն Ռուբինեանին։
«Փայլան մամլոյ ասուլիսի աւարտին, պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն, հաստատեց, թէ ժողովուրդները նախապաշարում ունին իրարու նկատմամբ՝ անցեալի ցաւերու, կորուստներու պատճառով։ «Այս ցաւերուն հետ առերեսուելու համար պէտք է խօսիլ, յարաբերութիւն հաստատել», ըսաւ Փայլան։
«Ըստ անոր՝ երեք երկիրներու ազգայնականները կոմնակից չեն խաղաղութեան՝ իրենց ազդեցութիւնները պահպանելու համար, սակայն երեք երկիրներուն մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք խաղաղութիւն կ՛ուզեն, որոնք լուռ են։ «Կոչ կ՛ուղղեմ, որ խաղաղասէրներու ձայները աւելի բարձր ըլլան», եզրափակեց Փայլան»։
They should be worried; except one, all their “Presidents”, were
SELLERS, of Arzakh, even ARMENIA itself, by THEIR 2 “FAMOUS
PRESIDENTS”, TOTAL SERVANTS OF KGB”, OBEYING SPECIFIC
DIRECTIONS FOR TOTAL COUNTRY LOSS.. SECRETLY SOLD 1994,
THEY FACE TOTAL ASSIMILATION FROM THEIR 2000 YEARS
INDEPENDENCE; NEMESIS JUDGEMENT ITS THEIR 1st CHOICE
AND PRIVELAGE