- Մինչ Միացեալ Նահանգներէն դէպի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ ճամբայ ելած օդանաւային թռիչքներու թիւը համաճարակէն առաջուան թիւին 73 տոկոսին հասած է, դէպի Չինաստան թռիչքներու այդ համեմատութիւնը միայն 1 տոկոս է։
- Համալսարանաւարտ ամերիկացիները կ՛ակնկալեն, որ իրենց ստանձնած առաջին պաշտօնին նիւթական միջին վարձատրութիւնը տարեկան 103,880 տոլար պիտի ըլլայ, սակայն իրականութեան մէջ այդ գումարը միայն 55,260 տոլար է։
- Լրագրողներուն մէկ երրորդը այն համոզումը ունի, որ իրենց գործը վնասակար է իրենց հոգեկան առողջութեան, իսկ 75 տոկոսը բացասականօրէն կ՛արժեւորէ լրագրութեան ասպարէզը։
- 65 տարիքը բոլորած ամերիկացիները երկու անգամ աւելիով մտահոգ են Միացեալ Նահանգներու մէջ ժողովրդավարութեան ապագայով, քան 30 տարիքը չբոլորած ամերիկացիները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.