ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2005ի թելեթոնին համար Նոր Չուղայի (Իրան) հայկական համայնքի կողմէ խոստացուած նուիրատուութիւնը վերջերս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Նայիրա Մելքումեանին յանձնեցին Հ.Յ.Դ. Իրանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները: Նշենք, որ նախորդ տարուան թելեթոնին, նշեալ համայնքը կատարած էր 10,302 տոլար եւ 100 եուրօ նուիրատուութիւն:
Ն. Մելքումեան իրանահայ պատուիրակութեան երախտագիտութիւն յայտնեց հիմնադրամի թելեթոնի անոնց մասնակցութեան եւ «Արցախի վերածնունդ» ծրագիրին օժանդակելու համար: Գործադիր տնօրէնը նշեց, որ հակառակ անոր, որ Իրանի մէջ հիմնադրամը տեղական մարմին չունի, սակայն տեղւոյն հայ համայնքը միշտ եւ համախումբ կը մասնակցի հիմնադրամի ծրագիրներուն:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 2005ին հանգանակուած գումարներով, ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանին մէջ այժմ կը կատարուին աշխատանքներ քանի մը ոլորտներու մէջ՝ գիւղատնտեսութեան, ենթակառոյցներու վերականգնման, առողջապահութեան եւ դպրոցաշինութեան: