14 Հոկտեմբերին, Ասթանայի մէջ նախատեսուած է իրականացնել Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Արարատ Միրզոյեան Ղազախիստան պիտի մեկնի 12 Հոկտեմբերին։ Ասթանայի մէջ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ան պիտի մասնակցի ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Արարատ Միրզոյեան ու Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում ունեցած էին Հոկտեմբերի սկիզբը, Ժընեւի մէջ: Ժընեւեան բանակցութիւնները, ըստ էութեան, առաջինն էին խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան օրակարգով: