Արեւմտեան թեմը անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ, հայկական ու թեմի աւանդութեանց համաձայն, պատշաճ շուքով տօնախմբեց հայկական Ս. Ծնունդը, ինչ որ առիթ ընծայեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդով լիցքաւորուելու եւ վերակենսաւորուելու։
Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտը մեր եկեղեցիներուն յարկերուն տակ մարմին առաւ Ուրբաթ, 5 Յունուարի երեկոյէն սկսեալ, Ճրագալոյցի արարողութեամբ ու Ս. Պատարագով, որմէ ետք տարածուեցաւ նաեւ հայկական ընտանեկան յարկերուն տակ։
Շաբաթ, 6 Յունուարի առաւօտուն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուած էր մեր եկեղեցիներուն յարկին տակ, աղօթքով ու սրբազան արարողութիւններով հաղորդակից դառնալու Յիսուսի ծննդեան աւետիսին։ Ս. Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որ հաւատացեալները պարուրեց մկրտութեան խորհուրդին պատգամով։
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այս առիթով Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ապա նաեւ կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Յընթացս Ս. Պատարագի, առաջնորդ սրբազանը ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ վեր առաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին ներգործութիւնը մեր կեանքին մէջ, մաղթելով, որ սիրոյ, խաղաղութեան, արդարութեան ու հաճութեան զգացումները ընդմիշտ տիրապետող մնան հաւատացեալներու կեանքին մէջ ու առաջնորդեն մարդոց ու պետութիւններու յարաբերութիւնները։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին արձագանգ եղաւ ամերիկեան մամուլը, յատկապէս Glendale News Press թերթը, որ պատկերազարդ լայն թղթակցութիւն մը հրատարակեց շաբաթասկիզբի իր համարով։ Թղթակիցը հարազատօրէն անդրադարձած էր հայկական Ս. Ծննդեան տօնի մանրամասնութիւններուն ու փոխանցած՝ առաջնորդ սրբազանի պատգամին իմաստը։