11 Հոկտեմբերին լրագրողներու հետ հարցում-պատասխան բաժինին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, կասկածի տակ դնելով Եւրոպական Միութեան միջնորդական ջանքերուն արդիւնաւէտութիւնը՝ մեղադրեց Պրիւքսէլը՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեան կարգաւորման ամէն գնով միջամտելու յանցանքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
«Մենք, դժբախտաբար, կը տեսնենք Եւրոպական Միութեան մշտական փորձը` ամէն գնով միջամտելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, դուրս մղելու մեր երկրի միջնորդական ջանքերը», շեշտեց Զախարովա՝ կասկածի տակ դնելով Եւրոպական Միութեան միջնորդական ջանքերու արդիւնաւէտութիւնը:
«Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման, տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման միակ բանալին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու ամբողջական իրականացումն է», ըսաւ Զախարովա: