12 Հոկտեմբերի կէս գիշերուան ժամը 12:20ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Հայաստանի ԶՈՒ ստորաբաժանումների պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուել է: Հայկական կողմը կորուստներ չունի», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։