ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բարձրագոյն կրթութեան համակարգի բարեփոխման գործին մէջ Հայաստան նպատակադրած է 2009ին ամբողջութեամբ համարկուիլ Պոլոնեան համակարգին: Այս մասին Նոյեմբեր 7ին Ազգային ժողովին մէջ 2007ի ամավարկի նախագիծի քննարկման ժամանակ նշեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաստատած է մինչեւ 2010 Պոլոնեան գործընթացի ծիրով ծրագրուած աշխատանքներու ժամանակացոյցը:
Լ. Մկրտչեանի խօսքերով՝ Դեկտեմբերի երկրորդ տասնօրեակին Սթրազպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Պոլոնեան հռչակագիրին միացած երկիրներու կրթութեան նախարարներու հանդիպումը, իսկ 2007ի գարնան Հայաստան դիտարկման պիտի ենթարկուի հռչակագիրին մէջ ամրագրուած 15 սկզբունքներու կատարման առնչութեամբ: