Հակառակ քաղաքական տարակարծութեան՝ հայ ազգը կոչուած է իր ինքնութիւնը պահելու կենսունակ եւ իր միասնականութիւնը պահելու ամուր, յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը՝ զրուցելով Ուրուկուէյի «Ռատիօ Արաքս» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն լրագրող Տիէկօ Գարամանուկեանի հետ։
«Մենք փոքր ազգ ենք, պատմութեան ընթացքին կորսնցուցած ենք շատ բան՝ նոյնիսկ հայրենիք, պետականութիւն, սակայն մենք չենք կորսնցուցած մեր ինքնութիւնը, մեր պատկանելիութիւնը: Թէ՛ մեր ինքնութեան, թէ՛ մեր պատկանելիութեան տարրերը մեր հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մշակութային արժէքներն են եւ աւանդութիւնները: Մենք կոչուած ենք մեր հայրերու աւանդութիւններուն ամուր կառչած մնալու», ընդգծեց Արամ Ա․:
Ըստ կաթողիկոսին՝ հայ ազգը այսօր կը գտնուի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր եւ ճակատագրական փուլին մէջ:
«Այս տագնապներուն դէմ հիմնականը եւ առաջնահերթը մեր ժողովուրդի միասնականութիւնն է: Եթէ նայինք մեր պատմութեան, մեր ժողովուրդի ամէնէն ճակատագրական պահերուն՝ իրար թշնամի նախարարները կանգնած են կողք կողքի եւ պաշտպանած հայրենիքը եւ ազգը, օրինակ՝ Վարդանանց պատերազմի ժամանակ», ըսաւ կաթողիկոսը:
Ան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է իր ներկայութեամբ երաշխաւորելու հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը:
«Այս գծով ես միշտ իմ պատրաստակամութիւնը յայտնած եմ՝ թէ՛ անձնական խօսակցութեան ճանապարհով, թէ՛ հրապարակային ճանապարհով: Այս վերջին շրջանին, խորհրդակցութիւններ եղան, երկու վեհափառ հայրապետներուն միջեւ մնայուն խորհրդակցութիւն կայ այս գծով եւ այդ խորհրդակցութիւնները պէտք է շարունակուին. պէտք է մեր քաղաքական պատասխանատուներուն հետ խօսինք, մեր տեսակէտները դառնան աւելի յստակ: Մանաւանդ հասարակական մօտեցումը ձեւաւորելու իմաստով կարեւոր են այս խորհրդակցութիւնները քաղաքական պատասխատուներու հետ, նաեւ ընդդիմադիրներու հետ: Կը կարծեմ, որ այս հարցով կարեւոր դեր ունին Արցախի եւ Սփիւռքի ղեկավարները», եզրակացուց Արամ Ա․ կաթողիկոսը: