ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջին ամիսներուն, ամերիկեան լրատուական միջոցները հրապարակեցին քանի մը յօդուածներ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի արտասահմանեան ճամբորդութիւններուն եւ դրամահաւաքներուն մասին վիճայարոյց յայտարարութիւններուն:
Մինչեւ 1 Յունուար 2022՝ քաղաքապետ դառնալը, Daily News-ը 6 Փետրուար 2021ին հրապարակած էր յօդուած մը՝ «Նիւ Եորքի քաղաքապետի թեկնածու Էրիք Էտըմզ արտասահմանեան ճամբորդութիւններ կատարած է դէպի կաշառակերութեան պատմութիւն ունեցող երկիրներ» վերնագիրով: Թերթը գրած էր, որ «Պրուքլին աւանի նախագահ Էրիք Էտըմզ հազարաւոր տոլարներու ճամբորդական եւ այլ շահեր ստացած է Չինաստանէն, Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն՝ երեք երկիրներ, որոնք իրենց քաղաքացիները ճնշելու լաւապէս ապացուցուած պատմութիւն ունին»:
Էտըմզ խոստովանած է, որ ութ անգամ մեկնած է Թուրքիա: Օգոստոս 2015ին, թրքական կառավարութիւնը հազարաւոր տոլարներ վճարած է Պրուքլինի աւանի նախագահ Էտըմզին, վեց օրով Թուրքիա այցելելու համար, ուր ան ստորագրած է քոյր քաղաքի պայմանագիր՝ Պոլսոյ Ուսքիւտար շրջանին հետ: Թրքական հիւպատոսութիւնը մինչեւ 4,999 տոլար վճարած է անոր օդանաւի տոմսերուն, պանդոկային ծախսերուն եւ օգտագործած այլ փոխադրամիջոցներուն համար՝ համաձայն Էտըմզի բացայայտման՝ քաղաքի Շահերու բախման խորհուրդին (COIB):
Համաշխարհային զբօսաշրջութեան հիմնադրամ կոչուող կազմակերպութիւնը, որ հիւրընկալած էր Էտըմզը Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա), նշուած էր իբրեւ մինչեւ 4,999 տոլար ճամբորդական ծախսեր վճարող կողմ՝ ըստ Daily News-ին:
2016ին, «Ատրպէյճանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վճարած է մինչեւ 4,999 տոլար, որպէսզի Էտըմզ չորս օրով այցելէ իր մայրաքաղաք Պաքուն, համաձայն աւանի նախագահի բացայայտման՝ Շահերու բախման խորհուրդին», կը հաղորդէ Daily News-ը: «Ինծի համար մեծ պատիւ է ժամանել Ատրպէյճանի մեր քոյր քաղաքը», ըսած է Էտըմզ յայտարարութեան մէջ:
Նիւ Եորքի լուրերու ծառայութիւնը բացայայտած է, որ ըստ քարոզարշաւի ֆինանսաւորման արձանագրութիւններուն, «անհատներու նուիրատուութիւնները, որոնք կը վերաբերին ներգաղթողներու համայնքներու կազմակերպութիւններուն, զորս ան սիրաշահած էր այս ճամբորդութիւններով, հետագային ուղղուած են Էտըմզի քաղաքապետի քարոզարշաւին»:
Մարտ 2018ին, քաղաքապետի նախընտրական իր յանձնախումբը ստեղծելէն անմիջապէս ետք, «Էտըմզ մասնակցած է պարսկական Նոր Տարին՝ Նովրուզը տօնող երեկոյթին, Baku Palace ճաշարանը, Sheepshead Bay (Նիւ Եորք)»՝ ըստ Նիւ Եորք քաղաքի լուրերու ծառայութեան։ Էտըմզ ըսած է ատրպէյճանցիներու ցնծացող բազմութեան. «Կառավարութեան պաշտօնէն թոշակի անցնելէ ետք, ես կը պատրաստուիմ ապրիլ Պաքու»: Ան ստացած է 7000 տոլար արժողութեամբ նախընտրական նուիրատուութիւն:
Յուլիս 2018ին, Էտըմզ դրամահաւաք կազմակերպած է Մենհեթընի «Ալի Պապա» թրքական ճաշարանին մէջ՝ հաւաքելով 16,000 տոլար: Թուրք գործարար Մուրատ Կիւզել, 12 Յուլիս 2018ին, Էտըմզի տուած է 5000 տոլար, իսկ յաջորդ ամիս՝ լրացուցիչ 5100 տոլար գումար մը: Այսուամենայնիւ, Էտըմզի նախընտրական խումբը ստիպուած եղած է վերադարձնելու 8100 տոլարը Կիւզելին, քանի որ գերազանցուած էր 2000 տոլարի նախընտրական նուիրատուութեան սահմանը: Նաեւ, Յուլիսին, «Թիւրքէն» հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Պեհրամ Թուրան, 3000 տոլար նուիրած է Էտըմզի? այս մասին հաղորդած է Նիւ Եորք քաղաքի լուրերու ծառայութիւնը:
Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը այս առթիւ մէջբերած է Էտըմզի խօսքերը. «Թուրքիա մեծ դեր խաղացած է մարդկութեան ձեւաւորման գործին մէջ… Ես թուրք ժողովուրդին բարեկամն եմ»:
Քաղաքապետ Էտըմզի ամենամօտ ընկերներէն է քրէական անցեալ ունեցող հայ ճաշարանապետ Ժան «Ճոնի» Պետրոսեանց: Politico-ն հաղորդած է, որ «Պետրոսեանց ութ տարի առաջ մեղադրուած է դրամի լուացման գործով, դաշնակցային դատարանին մէջ: Ան եւ իր երկուորեակ եղբայրը՝ Ռապըրթը, մեղադրուած են 11 յօդուածներով՝ մասնակցած ըլլալու համար վճարագիրներու (չէք) կանխիկացման ծրագիրին, որ կը ներառէր բժշկական վճարային ընկերութիւններ: Ճոնի Պետրոսեանց ինքզինք մեղաւոր համարած է այդ մեղադրանքներէն մէկուն գծով եւ դատապարտուած է պայմանական ազատազրկման եւ հասարակական աշխատանքի, իսկ անոր եղբայրը դատապարտուած է վեց ամսուան բանտարկութեան, դաշնակցային բանտի մէջ: Ուրիշ մեղադրեալի մը հետ, անոնք բռնագանձած են մօտաւորապէս 700 հազար տոլար»: Պետրոսեանց եղբայրները եւ քաղաքապետ Էտըմզ յաճախ միասին կը տեսնուին մասնաւոր ակումբներու եւ ճաշարաններու մէջ:
22 Օգոստոս 2022ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է՝ «Էրիք Էտըմզ Մթննալէն Ետք. Մասնաւոր սեղան եւ արատաւոր ընկերներ» վերնագիրով: Թերթը գրած է, որ Յունիսին, քաղաքապետը առնուազն 14 գիշեր անցուցած է Մենհեթընի հեղինակաւոր «Լա Պայա» ճաշարանը, զոր կը ղեկավարեն Պետրոսեանց եղբայրները: Էտըմզ սովորաբար հոն կ՛անցընէ օրական երեքէն չորս ժամ եւ կը հեռանայ փակուելէն շատ ետք: «Նիւ Եորք Թայմզ» գրած է, որ եթէ քաղաքապետը չէ վճարած իր ճաշերուն համար, ուրեմն խախտած է քաղաքի բարոյագիտութեան կանոնները: Աւելին, «Առանց անդամավճարներ վճարելու սեփական ակումբներու մուտքի հնարաւորութիւնը կրնայ յանգեցնել բարոյագիտութեան կանոններու խախտումներու», ըսած է (Ռիչըրտ) Պրիֆֆոն՝ Շահերու բախման խորհուրդի նախկին նախագահը:
«Լա Պայա» ճաշարանի խմիչքի արտօնութիւնը արձանագրուած է Մարիաննա Շահմուրատեանի անունով, որ քանի մը զաւակ ունի Ռապըրթ Պետրոսեանէն, կը նշէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը: Ապրիլ 2018ին, Շահմուրատեան 5000 տոլար նուիրած է Էտըմզի քարոզարշաւին. գումարին 3000 տոլարը վերադարձուած է իրեն՝ 2000 տոլար նուիրատուութեան սահմանը անցնելուն համար:
Քաղաքապետի հայկական կապերէն մէկ այլն ալ Ռոն Թորոսեանի հետ է, որ PR ընկերութիւն ունի Մենհեթընի մէջ։ Ան խնդրայարոյց դէմք է, որ լոպիինկի աշխատանք կատարած է՝ Թուրքիոյ կառավարութեան համար, ինչպէս ես յայտնած եմ 2017ին:
Daily Beast-ը յօդուած մը հրապարակած է Թորոսեանի մասին՝ «Ինչո՞ւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ կցուած է այս «թունաւոր» PR կուրու-ին» վերնագիրով, ուր զայն նկարագրած են իբրեւ «յարձակողական PR ղեկավար», որ «յայտնի է իր փողոցային կռուարար գործելաոճով»: Քաղաքապետի ընտրութեան գիշերը, ան յաղթական շքեղ երեկոյթ մը կազմակերպած է՝ միայն անդամներու համար նախատեսուած յատուկ ակումբի մը մէջ, ուր քաղաքապետ Էտըմզ բազմիցս մասնակցած է իբրեւ Թորոսեանի անձնական հիւրը: Քաղաքապետը եւ Թորոսեանը ներկայացուցած է Ժան Պետրոսեանց. այս մասին հաղորդած է Daily Beast-ը. «Եօթը նախկին աշխատակիցներ, որոնք առանց ներկայանալու զրուցած են Daily Beast-ի հետ՝ վախնալով Թորոսեանի հաշուեյարդարէն, եւ զայն բնութագրած են իբրեւ «թունաւոր» մարդ, որմէ պէտք է հեռու կենայ Նիւ Եորքի ապագայ քաղաքապետը»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» գրած է, որ «քաղաքապետ ըլլալու իր կարճ ժամանակամիջոցին, Էտըմզ երբեմն խրուած է բարոյագիտութեան պղտոր ջուրերուն մէջ: Ան թէեւ խոստացաւ վճարել դէպի Փորթօ Ռիքօ իր ճամբորդութեան համար, բայց անկէ ետք խոստովանեցաւ, որ թռած է ձեռնարկատիրոջ անձնական ինքնաթիռով: Աւելի ուշ ըսաւ, որ վճարած է իր աթոռին համար, սակայն՝ առանց փաստաթուղթեր ներկայացնելու»: Աւելին, «Շահերու բախման խորհուրդը որոշեց, որ Էտըմզ չի կրնար իր եղբօր՝ Պեռնարտին, տրամադրել 210,000 տոլար վարձատրութեամբ աշխատանք՝ իբրեւ քաղաքապետի ապահովութեան բաժինի ղեկավար: Պեռնարտ Էտըմզ այնուհետեւ վերստին յղուեցաւ խորհրդատուի պաշտօնին՝ 1 տոլար ամսականով»:
Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք բազմաթիւ «պղտոր» իր գործարքներով, քաղաքապետ Էտըմզ պիտի կարենա՞յ աւարտել իր պաշտօնավարման ժամկէտը եւ իրականացնել իր երազանքը՝ թոշակի անցնելով Պաքուի մէջ…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ