
Ինչպէս Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին, յետ-պատերազմեան շրջանին եւս չեն դադրած հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները եւ բարբարոս գործողութիւնները: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերու գրասենեակը:
«Օրերս ԱՄՆ Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch կառոյցի կողմից հրապարակուած արբանեակային տեսագրութիւնների հետազօտութեան արդիւնքում պարզուել է, որ Ադրբեջանը հիմնահատակ աւերել է Հադրութի շրջանի Մոխրենիս գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին (18-19 դդ.)», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ մնայուն կերպով գործադրուող մշակութային եղեռնը, որուն նպատակը Արցախ աշխարհը իր պատմական ինքնութենէն, հայկականութեան որեւէ վկայութենէ զրկելն է:
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ որդեգրուած այս քաղաքականութիւնը միտում ունի խորացնելու ազգերու միջեւ ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը եւ հարուածելու տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան վերահաստատումը:
«Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին կոչ է անում միջազգային հանրութեանն ու պատկան կառոյցներին յստակ գնահատական տալ սոյն յանցագործութեանը եւ գործնական քայլեր ձեռնարկել յետագայ վերացումից փրկելու Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներում հայկական հոգեւոր-մշակութային պատմական ժառանգութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: