Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշողլու 14 Հոկտեմբերին յայտարարեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման հարցով հայ եւ թուրք բանագնացներու հանդիպումները այսուհետեւ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ։
«Մենք ներկայիս կը բանակցինք, թէ վստահութեան ամրապնդման ի՛նչ քայլերու կրնանք ձեռնարկել Հայաստանի հետ: Մեր յատուկ ներկայացուցիչները հանդիպեցան չորս անգամ, բայց, դժբախտաբար, արտասահմանի մէջ: Յաջորդ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով, որ Անգարա «անկեղծ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման» հարցին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան այս մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով՝ ըսաւ, որ Փրակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներու` Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ հանդիպելու վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած: