
Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մարմնամշակման ախոյեան Խաչիկ Արժինեան։
Արժինեան՝ իբրեւ Լիբանանի ախոյեան զանազան երկիրներու մէջ մասնակցած է մարմնամշակման մրցումներու եւ յաջողութիւններ արձանագրած։ Ան 26 տարի առաջ եղած է Դպրեվանքի աշակերտ եւ շրջանաւարտ՝ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճէն։ Այժմ Խաչիկ Արժինեան կը ծառայէ լիբանանեան բանակին մէջ։