Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, ընկերակցութեամբ գաղութի ազգայիններէն Ժոզէֆ Կանիմեանի:
Հանդիպման գլխաւոր թեման լիբանանահայութիւնն էր, որուն ներկայ իրավիճակին մասին փոխանակուեցան տեղեկութիւններ եւ արծարծուեցան գաղութը յուզող հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ ընկերային հրատապ հարցեր:
Տոքթ. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայ հանդիպումը որակելով օգտաշատ եւ նպատակասլաց, յատկապէս Լիբանանի հայութեան մարդկային, կրթական եւ բարոյական կարիքները լրացնելու առումով:
Առաջնորդ սրբազանը եզրափակեց մտերմիկ հանդիպումը լաւատեսութեան երանգով՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ երկիր եւ ժողովուրդ կը յաջողին դուրս գալ ներկայ ճգնաժամէն, բոլորին պէս լիբանանահայութեան համար եւս կը ստեղծուին ապրելու նպաստաւոր պայմաններ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ