
Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը նշանակեց տեսուչ Ազգային առաջնորդարանին մէջ հաստատուած «Նարեկացի» լսարանին, ուր հայկական վարժարաններու կրօնի ուսուցիչներ, կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներ եւ ուսուցիչներ, եկեղեցւոյ մէջ ծառայող սարկաւագներ եւ դպիրներ առիթ պիտի ունենան եկեղեցական, աստուածաշնչական եւ կրօնի վերաբերեալ իրենց գիտութիւնը առաւել եւս զարգացնելու եւ խորացնելու, հետեւելով համապատասխան ծրագիրներու:
Դասընթացքը պիտի իրագործուի երկամեայ դրութեամբ եւ անոր աւարտին՝ մասնակցողները պիտի ստանան վկայագիրներ:
Դասաւանդութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214), 24 Հոկտեմբերէն սկսեալ, ամէն Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 6:30էն 8:15, յաջորդական երկու դասապահերով:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել լսարանի տեսուչ Զարեհ վարդապետին՝ (818) 244-2402 թիւին, կամ գրել ելեկտրոնային rev.zareh@gmail.com հասցէին: