Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը արդէն հասած է Հայաստան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները 17 Հոկտեմբերին Լիւքսեմպուրկի մէջ գումարուած նիստին հաստատեցին Հայաստան դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու որոշումը, որուն վերաբերեալ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր այս ամսուան սկիզբը, Փրակի մէջ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
«Եւրոպական Միութիւնը բոլորովին յանձնառու է նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան», նիստէն ետք «Թուիթըր»ի վրայ գրեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել՝ դիտել տալով, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղակայելու համար ստեղծուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան խումբը արդէն Հայաստան կը գտնուի։ «Մենք 40 հոգիէ բաղկացած դիտորդական կարողութիւն կը տեղակայենք հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով՝ ամրապնդելու վստահութիւնը անկայուն իրավիճակի մը մէջ, երբ մարդկային կեանքերը վտանգի տակ են», աւելցուց ան:
Ըստ «Ազատութեան» փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ փորձագէտները Հայաստան բերուեցան Վրաստանէն, ուր Եւրոպական Միութիւնը 200 հոգինոց քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայած է 2008էն ի վեր՝ ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմէն ետք: Նախնական համաձայնութեամբ, առաքելութիւնը աշխատանքի պիտի գործէ առաւելագոյնը երկու ամիս:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ «Թուիթըր»ի վրայ գրառում մը կատարելով՝ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի երկայնքով Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան արագ տեղակայումը. «Անիկա պիտի օգնէ ամրապնդելու վստահութիւնը եւ թոյլ պիտի տայ Եւրոպական Միութեան՝ աւելի արդիւնաւէտ կերպով աջակցելու սահմանային յանձնաժողովներուն, որոնք շուտով պիտի հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ», կ՛ըսէ Միշէլ:
Եւրոպական Միութեան թեքնիք գնահատման առաքելութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին անոնք ներկայացուցին Հայաստանի մէջ ցարդ տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւ այցելութիւններուն արդիւնքները: Կողմերը քննարկեցին, 6 Հոկտեմբերին Փրակի մէջ ընդունուած յայտարարութեան համաձայն, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով տեղակայուելիք մշտադիտարկման առաքելութեան լիազօրութիւններուն, տեղակայման վայրերուն վերաբերող հարցեր եւ այլ մանրամասնութիւններ:
«Եւրոպական Միութեան մշտադիտարկման առաքելութեան նպատակն է լինելու նպաստել տարածաշրջանում անվտանգութեան եւ կայունութեան վերականգնմանը, վստահութեան կառուցմանը եւ սահմանային անվտանգութեան ու սահմանազատման յանձնաժողովների աշխատանքներին», կ՛ըսուի նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայումը՝ Միրզոյեան հաստատեց, որ անոր դիտարկումները եւ վերլուծումները կարեւոր դեր պիտի կատարեն նաեւ իրավիճակին վերաբերեալ միութեան անդամ երկիրներուն առարկայական տեղեկատուութիւն տրամադրելու առումով:
Աւելի կանուխ, առաքելութեան անդամները հանդիպում ունեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ, որուն հետ քննարկեցին առաքելութեան գործունէութեան թեքնիք եւ կազմակերպչական հարցերը, նաեւ ներկայացուցին առաքելութեան հիմնական նպատակները եւ խնդիրները:
Պապիկեան, ողջունելով անոնց Հայաստան այցելութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաքելութեան հետ համագործակցելու եւ աջակցելու: