Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ՄԱԿի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի ստորագրած մէկ յօդուածը, որ քաղուած է Միացեալ Նահանգներու Մինեսոթա նահանգի Թրումընի անուան նախագահական թանգարան-գրադարանին մէջ 13 Դեկտեմբերին անոր ունեցած ելոյթէն։ Նշենք, որ Աննանին պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը լրացաւ 31 Դեկտեմբերին։
Ան իր խօսքին մէջ կը շեշտէ, թէ համաշխարհային ապահովութիւնը չի կայանար միւս պետութիւններուն վրայ մէկ պետութեան մը գերակայութեան հաստատումով, եւ հռետորութիւնը առանձին չի լուծեր հիւլէական զէնքերու զարգացումէն մինչեւ համաշխարհային ջեռուցման նման լուրջ եւ հեռահաս համաշխարհային խնդիրները, եւ բազում երկիրներու միացեալ աշխատանքը անհրաժեշտ է։ Խօսելով չքաւորութեան մասին՝ ան դիտել կու տայ, թէ չքաւորութիւնը կը սպառնայ պետութիւններու կայունութեան։ «Իրապաշտ չենք ըլլար, երբ մտածենք, որ ոմանք մեծ շահեր կ՚ապահովեն համաշխարհայնացումէն, մինչ միլիառաւոր ուրիշներ կը լքուին կամ կը մխրճուին նուաստացընող չքաւորութեան մէ»ջ, կը գրէ Անան։ «Մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքի յարգումն է, որ կայունութիւն կը ստեղծէ», կ՚աւելցնէ ՄԱԿի նախկին ընդհանուր քարտուղարը։ Արդար եւ ժողովրդավարական ձեւով կազմակերպուած բազմակողմանի հիմնարկութիւններ կրնան երկիրներ հաշուետուութեան հրաւիրել համաշխարհային բարիք գործելու հարցով, դիտել կու տայ ան, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ, թէ բոլոր պետութիւնները, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգները, պէտք ունին համաշխարհային գործող համակարգի մը։ Աշխարհը փոքր վայր մըն է, կ՚ըսէ Անան, ուր քիչեր արդէն չեն կրնար դիւրութեամբ օգտուիլ համաշխարհայնացման բարիքներէն, ուր ազգային շահերը վեր են համաշխարհային հարցերէն, ուր կեղծիքը բացայայտօրէն երեւելի է, կամ՝ ուր համաշխարհային համագործակցութիւնը կ՚իրականացուի կարգ մը հարցերու պարագային եւ ոչ՝ ուրիշներու։
Շուրջ յիսուն տարի առաջ, երբ իբրեւ ուսանող ուղղակի Ափրիկէէն ժամանեցի Մինեսոթա, ես շատ բան ունէի սորվելիք. սկսելու համար այն, որ ականջակալներ գործածելը երբեք իգական կամ ծիծաղաշարժ չէ, երբ ջերմաստիճանը զերոյէն վար տասնհինգ է։ Անկէ ի վեր ամբողջ կեանքս սորվելու փորձառութիւն մը եղած է։ Եւ հիմա կ՚ուզեմ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի տասը տարուան պաշտօնավարութեանս ընթացքին սորված դասերէս հինգը փոխանցել, որոնք կը հաւատամ, որ համաշխարհային հանրութիւնը պէտք է սորվի՝ կարենալ դիմագրաւելու համար 21րդ դարու մարտահրաւէրները։
Առաջին. այսօրուան աշխարհին մէջ մենք բոլորս պատասխանատու ենք մէկզմէկու ապահովութեան։ Հիւլէական զէնքերու զարգացման, կլիմայի փոփոխութեան, համաշխարհային համաճարակներու կամ ձախողած պետութիւններու կողմէ տրամադրուած ապահով ապաստանարաններէն գործող ահաբեկիչներուն նման վտանգներու դէմ ոչ մէկ ազգ ինքն իրեն համար ապահովութիւն կը ստեղծէ՝ իր գերակայութիւնը պարտադրելով միւսներուն վրայ։ Միայն զիրար աւելի ապահով դարձնելու նպատակով իրարու հետ աշխատանքով է, որ կրնանք մնայուն ապահովութիւն իրագործել մեզի համար։ Այդ պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կ՚իյնայ ժողովուրդներ ցեղասպանութենէ, պատերազմի ոճիրներէ, ցեղային մաքրագործումէ եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներէ պաշտպանելու մեր հասարակաց պատասխանատուութիւնը։ Այդ իրականութիւնը բոլոր ազգերուն կողմէ ընդունուեցաւ անցեալ տարուան ՄԱԿի վեհաժողովին։ Սակայն, երբ կը տեսնենք, որ Տարֆուրի ժողովուրդը տակաւին կ՚ենթարկուի սպանութեան, բռնաբարումներու եւ սովամահ կ՚ըլլայ, կ՚անդրադառնանք, որ այդպիսի սկզբունքներ միայն զուտ հռետորութեան սահմաններուն մէջ կը մնան, բացի երբ ազդու միջամտութիւն կատարելու կարողութիւնը ունեցողները (քաղաքականապէս, տնտեսապէս կամ իբրեւ վերջին միջոց՝ նաեւ զէնքի ուժով) պատրաստ են առաջնորդի դերը ստանձնելու։ Ան նաեւ կը պարունակէ պատասխանատուութիւնը ապագայ սերունդներուն համար պահպանելու բնական աղբիւրները, որոնք թէ՛ մեզի եւ թէ իրենց կը պատկանին։ Ամէն օր, որ մենք ոչինչ կ՚ընենք կամ պէտք եղածը չենք ըներ կասեցնելու կլիմայական փոփոխութիւնները, մենք սուղ գին վճարել կու տանք մեր զաւակներուն։
Երկրորդ. մենք նաեւ պատասխանատու ենք իրարու բարօրութեան։ Առանց համերաշխութեան որոշ մակարդակի՝ ոչ մէկ ընկերութիւն կրնայ կայուն ըլլալ։ Իրապաշտ չենք ըլլար, երբ մտածենք, որ ոմանք մեծ շահեր կ՚ապահովեն համաշխարհայնացումէն, մինչ միլիառաւոր ուրիշներ կը լքուին կամ կը մխրճուին նուաստացնող չքաւորութեան մէջ։ Մենք մեր մարդ եղբայրներուն պէտք է շնորհենք առնուազն առիթ մը՝ մեր բարգաւաճումին բաժնեկից դառնալու։
Երրորդ. ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը կախեալ են մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին հանդէպ յարգանքէն։ Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդկային կեանքը հարստացած է այլազանութեամբ, եւ տարբեր ժողովուրդներ իրարմէ սորված են։ Բայց եթէ երբեք մեր ընկերութիւնները խաղաղութեան մէջ պիտի ապրին, ապա նաեւ պէտք է շեշտենք այն, ինչ որ մեզ կը միացնէ, այսինքն՝ մեր մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր մարդկային արժանապատուութեանն ու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը՝ օրէնքով։
Այդ մէկը կենսական է զարգացման համար նաեւ։ Թէ՛ երկրի մը բնիկները եւ թէ օտարազգիները աւելի հակամէտ են ներդրումներ կատարելու, երբ իրենց հիմնական իրաւունքները պաշտպանուած են, եւ գիտեն, որ պիտի ստանան արդար վերաբերում, օրէնքի սկզբունքներու հիման վրայ։ Զարգացման զարկ տուող քաղաքականութիւններ աւելի հաւանական է, որ որդեգրուին, եթէ ժողովուրդին զարգացման ամէնէն շատ կարիքը ունեցող խաւը կարենայ իր ձայնը լսելի դարձնել։ Պետութիւններ եւս պէտք է օրէնքով վարուին իրարու հետ։ Ոչ մէկ ընկերութիւն կը տուժէր շատ օրինաւոր ըլլալէն. շատեր կը տուժեն քիչ օրինաւոր ըլլալէն, եւ միջազգային հանրութիւնը անոնցմէ մէկն է։
Հետեւաբար իմ չորրորդ դասս այն է, որ պետութիւններ պէտք է հաշուետու ըլլան իրենց արարքներուն համար թէ՛ միջազգային եւ թէ ներքին բեմերուն վրայ։ Իւրաքանչիւր պետութիւն որոշ պատասխանատուութիւն ունի ուրիշ պետութիւններու հանդէպ, որոնք կ՚ազդուին անոր արարքներէն։ Այսօրուան դրութեամբ, աղքատ եւ տկար երկիրները անմիջապէս հաշուետուութեան կը հրաւիրուին, որովհետեւ անոնք կարիքը ունին արտաքին օժանդակութիւններուն։ Սակայն մեծ եւ հզօր պետութիւնները, որոնց արարքները մեծագոյն ազդեցութիւնը ունին ուրիշներու վրայ, կրնան միայն զսպուիլ իրենց ժողովուրդներուն կողմէ։
Այդ մէկը հզօր երկիրներու ժողովուրդին եւ հիմնարկութիւններուն յատուկ պատասխանատուութիւն կու տայ համաշխարհային տեսակէտներն ու շահերը հաշուի առնելու։ Եւ այսօր անոնք նաեւ պէտք է հաշուի առնեն այն, որ կը կոչենք «ոչ պետական դերակատարները»։ Պետութիւնները արդէն չեն կրնար (եթէ երբեք կրնային) համաշխարհային մարտահրաւէրները առանձնաբար դիմագրաւել։ Հետզհետէ անոնք օգնութեան կարիքը կ՚ունենան այլազանութեամբ յատկանշւած ընկերակցութիւններու, ուր մարդիկ կը հաւաքուին կամաւորաբար օգտակար դառնալու աշխարհին կամ մտածելու եւ փոխելու համար զայն։
Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնան պետութիւններ զիրար հաշուետուութեան հրաւիրել։ Այդ մէկը կ՚իրականանայ միայն բազմազգեան հիմնարկութիւններու միջոցով։ Հետեւաբար իմ վերջին դասս այն է, որ այդ հիմնարկութիւնները պէտք է կազմակերպուին արդար եւ ժողովրդավարական ձեւով, տկարներուն եւ չքաւորներուն շնորհելով որոշ հակակշիռ՝ հզօրներուն եւ հարուստներուն արարքներուն վրայ։
Զարգացող երկիրները աւելի ուժեղ ձայն պէտք է ունենան ելեւմտական միջազգային հիմնարկութիւններուն մէջ, որոնց որոշումները կենաց մահու տարբերութիւն կրնան ընել իրենց ժողովուրդներուն համար։ Նոր մնայուն եւ երկարաժամկէտ անդամներ պէտք է աւելնան ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդի կազմին վրայ, որուն ներկայի անդամակցութիւնը կ՚արտացոլացնէ 1945ի պատկերը եւ ոչ՝ այսօրուան։
Նուազ կարեւոր չէ այն իրականութիւնը, որ Ապահովական խորհուրդին բոլոր անդամները պէտք է ընդունին այն պատասխանատուութիւնը, որ կու գայ իրենց վայելած առանձնաշնորհման հետ։ Խորհուրդը ազգային շահեր հետապնդելու բեմ չէ։ Անիկա վարչական յանձնախումբն է մեր նորափետուր համաշխարհային ապահովական համակարգին։
Ամէն ժամանակէ աւելի ամերիկացիները, մարդկութեան մնացեալ հատուածին հետ միասին, կարիքը ունին գործող համաշխարհային համակարգի մը։ Փորձառութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ այդ համակարգը լաւապէս չի գործեր, եթէ Միացեալ Նահանգներ ինքզինք աւելի բարձր դասէ, քան ուրիշները. ընդհակառա՛կը, շատ աւելի լաւ կը գործէ, երբ գոյութիւն ունի հեռատես ամերիկեան ղեկավարութիւն մը։
Այդ մէկը այսօրուան եւ վաղուան ամերիկացի ղեկավարներուն ուսերուն մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ։ Ամերիկացի ժողովուրդը պէտք է ջանայ այդ պատասխանատուութեան մակարդակին բարձրանալ։
«ՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»