ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ Հոկտեմբեր 14-15ին տեղի պիտի ունենայ 24ժամեայ «Web Open Source» (Web OS) ծրագրաւորման մարաթոն:
Այս մասին յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Յովհաննէս Աւոյեան եւ նշեց, որ ի տարբերութիւն միւս մրցոյթներուն, մարաթոնի մասնակիցներուն աշխատանքները ներկայացնելու համար պիտի տրամադրուի 24 ժամ: Մասնակիցները կրնան արձանագրուիլ webos2006.com համացանցային կայքի միջոցով:
Ըստ Հոկտեմբեր 11ի տուեալներուն, արդէն արձանագրուած են 73 խումբեր եւ անհատներ:
Մրցոյթի նպատակն է աշխարհին ներկայացնել Հայաստանի մասնագէտները եւ բացայայտել տաղանդաշատ երիտասարդները:
«Նմանօրինակ մրցոյթների շնորհիւ Հայաստանը միջազգային հանրութեանը կը ներկայանայ որպէս համացանցային ծրագրաւորման առաջատար երկիր, որտեղ բարձր արհեստագիտութիւնների ոլորտը տարէցտարի զարգանում է», նշեց Աւոյեան: