Լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն միջեւ խորհրդակցութեանց նիստը սկսաւ Երկուշաբթի օր, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի։
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական բոլոր ուժերուն ղեկավարները, բացի «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն, զոր ներկայացուց երեսփոխան Մոհամէտ Ռաատ։
Նշենք, որ սէյիտ Նասրալլա նիստէն կը բացակայէր ապահովական պատճառներով։
Խորհրդակցութիւնը տեւեց շուրջ չորս ժամ, կատարեալ խորհրդապահութեան պայմաններուն մէջ։
Նիստէն ետք, նախորդ՝ երկխօսութեան նիստերուն սովորութեան նման, Պըրրի տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որ հազիւ երկու վայրկեան տեւեց։ Ան ըսաւ, որ խորհրդակցութեանց նիստը պիտի շարունակուի նաեւ Երեքշաբթի օր եւ ապա բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ազգային խորհրդակցութեանց առաջին նիստը աւարտած է դրական արդիւնքով։
Պըրրի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական զանազան ուժերու միջեւ սառած յարաբերութիւններու ձիւնհալ արձանագրուած է։ Ան աւելցուց, որ խորհրդարանին մէջ խորհրդարանական այլ յանձնախումբերու կողմէ օրէնքներ եւ օրինագիծեր քննարկելու նիստերը կը մնան ի զօրու, եթէ նոյնիսկ խորհրդակցութեանց նիստ տեղի պիտի ունենայ։
Պըրրի քաղաքական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց «տեղեկատուական զինադուլ»ի՝ ի շահ խորհրդակցութեանց նիստին յաջողութեան։
Նշենք, որ նիստին մասնակցող բոլոր անձնաւորութիւնները դուրս եկան խորհրդարանէն՝ մերժելով յայտարարութիւններ կատարել։
Միւս կողմէ՝ նշենք նաեւ, որ երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Սաատ Հարիրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ՝ ընկերակցութեամբ նախարար Մարուան Համատէի եւ երեսփոխան Ֆուատ Սաատի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա, երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն, եւ ուրիշներ: Լիբանանահայութիւնը կը ներկայացնէին երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Եղիա Ճերէճեան եւ Յակոբ Գասարճեան:
Խորհրդակցութեանց ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը, որ կ՚ընդգրկէր ազգային միասնականութեան կառավարութեան ստեղծումը եւ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, ընդարձակուեցաւ եւ ներառեց նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան, միջազգային դատական ատեանի, «Հըզպալլա»ի ապազինման եւ «12 Յուլիս»ի պատերազմին դրդապատճառներուն եւ հետեւանքներուն կապուած թղթածրարները։