ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Նոր դպրոցական տարուան ընթացքին, Գիւմրիի վերջին տնակային դպրոցը փոխարինուեցաւ նոր կառուցուած դպրոցով, եւ ամբողջութեամբ լուծուեցաւ Շիրակի մարզի տնակային դպրոցներու խնդիրը:
Հոկտեմբեր 10ին տեղի ունեցաւ թիւ 33 դպրոցի բացման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ դպրոցի շինարարութեան աջակցած բարեգործներու եւ մարզային ու քաղաքային իշխանութիւններու, ոլորտի նրկայացուցիչներու:
Նշենք, որ թիւ 33 դպրոցի շինարարութիւն սկսած էր մէկ տարի առաջ, շուրջ 800 հազար տոլար արժէքով եւ ան կը բաղկանայ երկու մասնաշէնքէ: