Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական կեդրոններու եւ դպրեվանքերու միութեան առցանց ժողովը, որուն ընթացքին, զանազան նիւթերու առընթեր, յատուկ քննարկումի առարկայ դարձան ստեղծագործ մօտեցումներու, բնապահպանման ծրագիրներու եւ միջ-եկեղեցական շարժումի համագործակցութեան մարզերուն վերաբերող նիւթեր: Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի աստուածաբանական նիւթերուն եւ էքիւմենիք շարժումի գործունէութեան կարեւորութեան:
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութդամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Դպրեվանքին յիշեալ առցանց ժողովին մասնակցեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան:
Յայտնենք, որ 2023ի Մայիս ամսուան ընթացքին, Լիբանանի Պալամանտ համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ միութեան յաջորդ հանդիպումը, քննելու եւ կազմակերպելու համար Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող աստուածաբանական համալսարաններու ուսանողներուն համար կազմակերպուելիք ամառնային ճամբարը, Եգիպտոսի մէջ: