17-19 Հոկտեմբերին, Գահիրէէն քիչ անդին գտնուող Անպա Պիշոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի պատրիարքութեան եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը:
Յայտնենք, որ 1996ին, Արամ Ա. հայրապետին, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքին՝ միաձայնութեամբ հաստատուած միջ-եկեղեցական գործակցութեան յանձնախումբը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին, Գահիրէի եւ Դամասկոսի մէջ: Յիշեալ յանձնախումբին մեր Ս. Աթոռին կողմէ մաս կազմեցին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Բերիոյ Հայոց թեմի Հայրապետական նուիրակ Մակար եպս. Աշգարեան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:
Համաճարակին պատճառով, թէ՛ յիշեալ յանձնախումբի անդամները եւ թէ երեք հոգեւոր պետերը առիթ չէին ունեցած շարունակելու իրենց հանդիպումները եւ հաւաքական աշխատանքները: Անպա Պիշոյ վանքին մէջ առաջին երկու օրերը հանդիպեցան յանձնախումբի անդամները եւ քննարկեցին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ անկլիքան եկեղեցիներուն հետ շարունակուող աստուածաբանական երկխօսութիւնները, Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին մեր եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշեալ եկեղեցիներուն վերաբերող յատկանշական դէպքեր եւ կարեւոր ծրագիրներ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ:
Երրորդ օրը տեղի ունեցաւ յանձնախումբին եւ հոգեւոր պետերուն միջեւ հանդիպումը: Յանձնախումբը զեկոյց ներկայացուց իր կատարած աշխատանքներուն մասին, տեղի ունեցան անհրաժեշտ քննարկումներ, ապա հոգեւոր պետերը հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ մը: Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի միջ-եկեղեցական գործակցութեան, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը:
Յանձնախումբին եւ հոգեւոր պետերուն յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: