Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան 21 Հոկտեմբերին մասնակցեցաւ Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութեան՝ իր խօսքին մէջ հաստատելով, որ Իրան Հայաստանի եւ շրջանի ապահովութիւնը ի՛րը կը նկատէ, մանաւանդ որ Իրանի քաղաքականութիւնը տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելն է, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները։ Ըստ անոր՝ Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու՝ Իրանի կառավարութեան որոշումը այն կարեւորութեան դրսեւորումն է, որ Իրան կու տայ հայ ժողովուրդին հետ հազարամեայ յարաբերութիւններուն:
Ան դիտել տուաւ, որ Իրանի գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամի արհեստավարժ դիւանագէտ է: Ան յայտնեց, թէ վստահ է, որ Կապանի մէջ հիւպատոսութեան աշխատակիցները իրենց պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին պիտի ունենան Իրանի կառավարութեան, Երեւանի մօտ Իրանի դեսպանութեան, Հայաստանի կառավարութեան, Սիւնիքի մարզի եւ Կապան քաղաքի ղեկավարութեան աջակցութիւնը եւ, անշուշտ՝ տեղւոյն բնակչութեան բարեհաճ վերաբերմունքը:
Ապտոլլահեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ թէ՛ Երեւանի մէջ դեսպանութեան, թէ Կապանի հիւպատոսութեան գործընկերներու ջանքերուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները առաւել զարգացնել:
Ան ընդգծեց, որ Սիւնիքի մարզը կը հանդիսանայ հիւսիս-հարաւ միջանցքի կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը: «Մենք Հայաստանը կը նկատենք հիւսիս-հարաւ մայրուղիին վրայ գտնուող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը: Եւ մենք մեր առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրենք, որ այս տարանցիկ ուղին, ինչպէս նաեւ ապրանքներու եւ ուղեւորներու փոխադրութիւնները այս ուղիով աւելի զարգանան», շեշտեց Ապտոլլահեան։
«Այսօր նշանակալից օր է հայ-իրանական բազմադարեայ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնների պատմութեան մէջ: Վստահաբար կարող եմ նշել, որ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումն ու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը նոր որակ կը հաղորդեն երկու երկրների առանձնայատուկ յարաբերութիւններին, կը խթանեն երկկողմ փոխգործակցութիւնն ու կը նպաստեն հայ-իրանական կապերի զարգացմանը», իր կարգին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ։

Ան վստահեցուց, որ Հայաստան խորապէս կ՛ընկալէ եւ բարձր կը գնահատէ երկրի ողնաշարը հանդիսացող այդ հատուածին՝ Սիւնիքի մարզին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու Իրանի որոշումը: «Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ վերահաստատել հայկական կողմի մտադրութիւնը` Թաւրիզում գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու վերաբերեալ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Հայաստանի համար մշտապէս եղել է եւ կը շարունակի լինել առանցքային գործընկեր: Մեր փոխգործակցութիւնը ներառում է բաւականին ընդգրկուն քաղաքական օրակարգ, ինչպէս նաեւ առեւտրի, էներգետիկայի (ուժանիւթի), տրանսպորտի (փոխադրամիջոցներու), զբօսաշրջութեան, մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան ոլորտներում ամուր կապեր, որոնք, լիայոյս ենք, աւելի կը խորանան եւ որակական ու գործնական նոր շունչ կը ստանան այսօր բացուող գլխաւոր հիւպատոսութեան շնորհիւ», ըսաւ Միրզոյեան։
Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամի, անդրադառնալով Հայաստանի տարածքին դէմ ատրպէյճանի յարձակումին վերաբերող հարցումի մը՝ ըսաւ, որ Իրան տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի չճանչնայ. եթէ որեւէ երկիր իր սահմաններէն դուրս գործողութիւններ կատարէ, Իրան պիտի ցուցաբերէ համարժէք հակազդեցութիւն: «Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները յստակ եւ բազմիցս յայտարարեցին, որ թէ՛ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ թէ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները պէտք է յարգուին», ըսաւ Վարամի:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ ՀԱԿԱԶԴԵՑ ԱՊՏՈԼԼԱՀԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
21 Հոկտեմբերին, «ԱՊԱ» գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ապտոլլահեանի՝ Հայաստանէն կատարած յայտարարութիւններուն արձագանգելով՝ Ատրպէյճանի իշխող ուժի պատգամաւոր եւ Միլլի Մեճլիսի Տարածաշրջանային հարցերու յանձնաժողովի ղեկավար Սիյավուշ Նովրուզով ըսաւ. «Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի դէմ վերջին շրջանին Իրանի ձեռնարկած քայլերը, յատկապէս Հայրենական պատերազմին ընթացքին, այնուհետեւ Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ, կարելի չէ գնահատել իբրեւ բարի դրացիութիւն»։
Ան քննադատեց սահմաններու փոփոխութիւններուն ընդդիմացող Թեհրանի դիրքորոշումը՝ պնդելով, որ խօսքը հայ-ատրպէյճանական սահմանին մասին է, եւ «որոշումը պիտի կայացնեն Հայաստան եւ Ատրպէյճան` հիմնուելով որեւէ ժամանակաշրջանի քարտէսի վրայ»:
«Ի՞նչ կապ ունի անիկա երրորդ երկրի մը հետ` որոնց կարգին Իրանի, որ կը խառնուի այս հարցերուն», ըսաւ Նովրուզով: