Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) «Թրփանճեան» գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրին աջակցութեամբ՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ կեանքի կոչուեցան 15 գործարարութիւններ:
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց ՀԱՀի «Թրփանճեան» գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրի Արցախի գրասենեակի ղեկավար Լիլիթ Ղազարեան:
«Պատերազմից առաջ Արցախում ծրագրի աջակցութեամբ բացուել եւ գործում էր 155 բիզնես (գործառնութիւն), որից 50ը մնացել է Ադրբեջանի կողմից բռնազաւթուած տարածքներում: Յետ-պատերազմեան ժամանակահատուածում Արցախի գիւղական բնակավայրերում աջակցութիւն ենք ցուցաբերել տարբեր բիզնես ծրագրերի իրագործմանը: Մասնաւորապէս՝ Այգեստան համայնքում բացուել են արագ սննդի, աւտոլուացման կէտեր, հացի արտադրամաս, Աստղաշէնում՝ հանգստի գօտի, Խնածախում՝ աւտօլուացման կէտ, Սօսում՝ թռչնաբուծարան, հացի արտադրամաս, Մարտունի քաղաքում՝ առեւտրի կենտրոն, ռեստորան, աւտօաքսեսուարների եւ աւտօլուացման պարագաների խանութ, մանրածախ առեւտրի կենտրոն, ֆոտօ (լուսանկարչութեան) ծառայութիւններ, Նորագիւղում՝ ջերմոց, իսկ առաջիկայում կը բացուեն հրուշակեղէնի արտադրամաս, համակցուած կերերի արտադրութիւն եւ վերամշակման կէտ, ջերմոց, Մարտակերտ քաղաքում՝ կոսմետոլոգիական (գեղադեղի) ծառայութիւններ», մանրամասնեց Ղազարեան: Ըստ անոր՝ ներկայիս եւս ծրագիրին դիմողներու թիւը չէ նուազած:
«Հիմնականում դիմում են առեւտրի, գեղեցկութեան սրահներ, աւտօսպասարկման ու աւտօլուացման կէտեր, հանգստի գօտի, հիւրատուն, գրենական պիտոյքների, հագուստի խանութներ, ջերմոց, հացի արտադրամաս հիմնելու եւ մեղուաբուծութեան ծրագրերով», ըսաւ Ղազարեան՝ աւելցնելով, որ ծրագիրին գործառնութեան իրենց զանազան գաղափարներով դիմում կրնան ներկայացնել Արցախի Հանրապետութեան այն քաղաքացիները, որոնք կ՛ուզեն գործունէութիւն ունենալ բացառապէս շրջանային կեդրոններուն կամ գիւղական բնակավայրերուն մէջ:

«Թրփանճեան» ծրագիրին դիմելու համար անհրաժեշտ է այցելել Արցախի գրասենեակը եւ ամբողջացնել դիմում մը:
Եթէ ներկայացուած գործարարութեան գաղափարը իրատեսական է, գրասենեակէն կը հրաւիրեն՝ մասնակցելու մէկ ամիս տեւողութեամբ դասընթացքներու գործառնութեան հմտութիւններ ձեռք բերելու կամ զանոնք զարգացնելու համար:
Դասընթացքը աւարտելէ ետք, մասնակցողը կարելիութիւն կ՛ունենայ իր գործարարութեան ծրագիրը ներկայացնել համապատասխան դատական կազմին, որուն մաս կը կազմեն առեւտրական դրամատուներու վարկային մասնագէտներ, գիւղական համայնքներու զարգացումով զբաղող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ «Թրփանճեան» ծրագիրի անձնակազմը:
Լաւագոյն գնահատականին արժանացած ծրագիրները կ՛երաշխաւորուին «Թրփանճեան» ծրագիրին հետ համագործակցող վարկաւորման դրամատուներու միջոցով՝ տարեկան 5 տոկոսով:
Բացի այդ, գործարարութեան հիմնադրութենէն ետք, շահառուն կը դառնայ «Թրփանճեան» ծրագիրի գործընկերը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա մնայուն կերպով պիտի հետեւի գործառնութեան զարգացման եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ գրասենեակի անձնակազմը պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ աջակցութիւն եւ խորհրդատուութիւն: