Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերու գրասենեակի տնօրէն Մարք Քեմըրըն այցելեց Գեղարքունիքի մարզը, շրջագայեցաւ Վարդենիս ու Սոթք բնակավայրերուն մէջ, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու 2րդ բանակային ջոկատի հրամանատարին հետ եւ դիտարկեց հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակը:
Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութենէն: Այցելութեան ընթացքին Քեմըրըն ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան: