
ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ
Ս էր եւ խաղաղութիւն քարոզեցիր
դար մը ամբողջ նուիրական,
զաւակներուդ հայկազնեան:
Ո րդիներուդ տարագիր՝ եղար ամրոց,
Կենաց Բանին քարոզիչ
լոյսի եւ յոյսի խորան:
՛Ւ ուր պատշաճի տօնախմբեցիր
սուրբերու յիշատակն պանծալի
հոգեթով շարականներով գովելի:
Ր աբբունի աստուածաբարբառ
առաքելական դաւանանքը
զաւակներուդ ամուր կռուան:
Բ արձրաձայն պատարգի երգերը
շարականներն ու մեղեդիները
յար բարձրացան երկրէն երկինք:
Խ ունկի բուրվառէդ ծուէն-ծուէն աղօթքներդ
քրիստոսաբոյր օրհնութիւն տարածեցին
աղօթասաց հոգիներուն ապաշխար:
Ա ւետարանդ երբ Ս. խորանէն կարդացուի,
փրկութեան հրաշագործ Բարի Լուրը
հոգիներուն մէջ կը տարածուի:
Չ արանենգ խորհուրդներ, մեղքեր կորստական,
ապաշխար զղջումով, արտասուալից աչքերով
հառաչանքով «մեղայ»ի՝ գտնեն թողութիւն:
Մ այր մեր դուն նուիրական, եկեղեցին հայկական,
Պատարագի սկիհին մէջ, կ՛իջնէ Քրիստոս,
եւ անսպառ կը բաշխուի մեր միջեւ:
Ա նմահութիւն, մեղաց քաւութիւն կու տաս մեզի
մարդացեալ Փրկիչ եւ կեցուցիչ հայ ազգի
եղիր յաւէտ մեր օգնականն ու պաշտպանը:
Յ աւիտենական կեանքի քարոզիչ, Ս. ԽԱՉ Մայր տաճար
խորանիդ շուրջ թեւածող սերովբէներ, քերովբէներ
անթարթ աչքերն ու պատգամաբերներն են Աստուծոյ:
Ր աբբունաբար վարդապետեցիր դաւանանքն առաքելական
Խաղաղականի այս ափերուն աստանդական, եւ
սրբագործեցիր Խորհուրդներն նուիրական:
Տ էր Աստուած, դար մը ամբողջ Դուն եղար պահապան
այն ազգին, որ միայն Քեզ ճանչցաւ, ընդունեց,
դաւանեցաւ եւ Քու սիրոյդ նահատակուեցաւ:
Ա մենազօր, ամենակարող, հզօր Աստուած,
Էակիցդ՝ Որդւոյ եւ սրբոյ Հոգւոյն,
յարուցեալ եւ փառաւորեալ Տէր:
Ճ առագայթարձակ յաւիտենական լոյս, յարութեան Դուռ,
ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք.
յարութենական կեանք խոստացող եւ պարգեւող:
Ա ստուածամերձ Խաչդ, խաչի ճամբայ երկինք առաջնորդող
Տաճարի Գմբէթիդ Խաչը ըլլայ հովանի եւ պաշտպան,
հայոց ազգի բոլոր զաւակներուն վրայէն մինչեւ այն օրը
՛Րբ Ս. Խաչի նշանով վերադառնաս դատելու ողջերն ու մեռելները,
յիշես եւ Փառաց Պսակին արժանացնես Քեզի պաշտող,
աղօթող եւ ապաւինող Հայկեան ցեղը բազմաչարչար: