
ԴԱՒԻԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ*
Մէկ դար: Հինգ սերունդ: Հաւատքի բերդ: Հայապահպանման ամրոց: Առաջին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Մայր տաճար:
Հետաքրքրական է հայն ու իր նկարագիրը: Անմարդկային ու խեղճ պայմաններով հայրենիքէն բռնի դուրս բերուած հայը, աշխարհի որեւէ անկիւնը, որ հաստատուած է, աշխատած, դարձեալ ոտքի կանգնած է եւ իր ընտանիքին տարրական պէտքերը հազիւ սկսած է հոգալ, փորձած է լումայ մը մէկ կողմ դնել: Եւ իբրեւ իր նախնիներուն հաւատաւոր զաւակը, մտածած ու ծրագրած է առաջին հերթին կառուցել իր հոգեկան աշխարհն ու անոր նիւթեղէն ներկայացուցիչին՝ Քրիստոսի վարդապետութիւնը անաղարտ պահելու համար՝ կառուցել եկեղեցին, նպատակ ունենալով ի մի խմբել առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին զաւակները:
Այդպէս եղած է Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի պարագան ալ: Սակայն, ինչ որ զինք առաւել եւս իւրայատուկ դարձուցած է, իր հիմնադրութեան թուականն է՝ 1922: Հայոց Ցեղասպանութենէն միայն եօթ տարի ետք, երբ Լոս Անճելըսի այդ օրերու փոքրաթիւ գաղութի անկոտրում կամքը, յոյսն ու տեսլապաշտ հիմնադիրներուն երազը միաձուլուած են եւ որոնց իբրեւ արդար արգասիքը դարձած է Աստուծոյ շօշափելի ներկայութեան տունը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարը:
Գաղութիս ՄԱՅՐ եկեղեցին քառասուն երեք տարի ետք դարձած է նաեւ ՄԱՅՐԸ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին: Ի պահանջեալ հարկին, երախտապարտ զաւակ «Մեսրոպեան»ը հանդիսացած է նաեւ իր մօր հոգատարը: Մոնթեպելլոյի ներկայ համալիրը, երբ կը կառուցուէր, ամէն Կիրակի եւ տօնական առիթներու Մեսրոպեան լայն բացած է իր դռները եւ երաժշտութեան դասարանը վերածած է մատուռի, իսկ ճաշասրահը՝ տաճարի:
Ս. Խաչ եկեղեցին անբաժան մասնիկը եղած է կեանքիս բոլոր հանգրուաններուն: Իբրեւ հարազատ զաւակը ամբողջ կեանք մը անոր հովանիին ներքեւ մեծցած եմ, Խորանին ծառայած եմ, Ս. աւազանին մէջ մկրտուած եմ, Ս. խորանին առջեւ հայ ընտանիք մը կազմելու խոստում տուած եմ, զաւակներս հոս ստացած են Ս. Միւռոնը, ներկայ եղած եմ հարազատներու Ս. պսակի խորհուրդներուն, մկրտութեանց, հողեղէն աշխարհէն անդարձ մեկնած հարազատներու թաղման արարողութեանց:
Այսօր, անգամ մը եւս, իբրեւ երախտաւորներու շառաւիղի մէկ հիւլէն, կու գամ խոնարհիլ յիշատակին առջեւ բոլոր հաւատաւոր անձուրացներուն, որոնք Ս. Խաչ եկեղեցին հիմնեցին եւ որուն միջոցով նաեւ կենդանացուցին Մոնթեպէլլոյի հայ համայքը:
Հիմնադրութեան մէկ դարեկանդ կը շնորհաւորեմ: Կը մաղթեմ, որ հարիւրամեակներ ապրիս, մնաս ծաղկեալ ու բարգաւաճ, հոգիի ազնուութեամբ պարուրես զաւակներդ:
* Տնօրէն Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի (1982ի շրջանաւարտ)