ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ
«Վասն խաղաղութեան ամենայն աշխարհի եւ հաստատութեան սրբոյ եկեղեցւոյ. զՏէր աղաչեսցուք»
Հայոց սաղմոսերգու վարդապետը աղերսարկու բառերով, ի տես իր օրերուն աշխարհի ու մարդոց կեանքերէն կորսուած խաղաղութեան՝ պաղատագին Տիրոջ կ՛եղանակէ հայցելով. «Համայն աշխարհի խաղաղութիւն եւ սուրբ եկեղեցւոյ անշարժութիւնն ու ամրակայումը»:
Արդարեւ, հայոց աւելի քան չորս հազարամեայ պանծալի պատմութիւնը յատկանշուած է սխրալի խոյանք-յաղթանակներով եւ նոյնքան ալ բեկումներով եւ նահանջ-պարտութիւններով: Սակայն եւ այնպէս նուաճումներէ մարդկային եւ հողային կորուստ-պարտութիւններէն ետք, զարմանալիօրէն եւ հրաշքի համազօր, միշտ վերագտած է ապրելու եւ գոյատեւելու իր ներուժ ուժականութիւնն ու աշխուժութիւնը. վերստին վերամիաւորուելու եւ վերականգնելու համազգային վճռակամութիւնը: Եւ այս կը բարացուցէ աւետարանական այն ճշմարտութիւնը, զոր Պօղոս առաքեալ քրիստոնէութեան դարձած եբրայեցիներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը յուսադրելով. «Նախատինքի եւ հալածանքի առարկայ եղաք հրպարակաւ, բանտարկեալներուն չարչարակից եղաք եւ տեսաք ձեր ստացուածք-ներուն յափշտակուիլը» (Եբր. 10:33):
Այսօր ալ, քսանմէկերորդ այս լուսաւոր դարուն, համաշխարհային մակարդակով, միջպետական հակամարտութիւնները, նախատինքն ու հալածանքները, քաղաքակրթութիւններու հակոտնեայ, իրերամերժ արիւնալի ընդհարումները, տնտեսական տագնապները՝ անյուսութեան եւ անելի են մատնած բովանդակ մարդկութիւնը եւ կաթուածահար դարձուցած են պետութիւններ:
Համաշխարհային մակարդակով մարդկութեան դիմակալած ներկայի ու ապագայ անորոշութիւններուն նայիրեան-արմէնական Հայկի ցեղը, հազարամեայ պատմութիւն եւ մշակոյթ կերտած՝ անստոյգ վաղուան հորիզոնները կը դիմակալէ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի պատմական այն հաստատումին, որ կը բնութագրէ. «Թէպէտ մենք փոքր ածու ենք եւ շատ սահմանափակ թիւով եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեանց տակ նուաճուած բայց եւ այնպէս մեր աշխարհի մէջ արիութեան շատ գործեր կան գործուած, գրուելու եւ յիշատակութեան արժանի»:
Արդարեւ հայոց անցեալի փառահեղ բայց նոյնքան ալ տխուր եւ շատ յաճախ ճակատագրական պարտութիւններով յատկանշուած պատմագրութիւնը՝ արձանագրած է հպարտառիթ եւ յիշատակութեան արժանի ժամանակաշրջաններ, որոնք կը տարածուին նախքան քրիստոնէական եւ քրիստոնէութեան դարաշրջաններուն եւ կը տողանցեն առաւել քան հինգ հազարամեայ պատմագրութեան փառապանծ էջերուն վրայ, ուր հոգեւոր, մշակութային գանձեր, արութեան եւ արուեստի գլուխ գործոցներ՝ փառքը կը հիւսեն հիւսիսային այս ազգին:
Յաբէթի սերունդ եւ Հայկի ժառանգորդներս, վաղուան անորոշութիւններուն կը նայինք Քրիստոսի ու հաւատքի աչքերով, մտաբերելով եւ առաջնորդ ունենալով առաքելական այն խօսքը որ կ՛ըսէ. «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք» (Բ. Կորնթ. 4:9):
Առաքեալի իրատեսութեամբ արտասանուած խօսքերուն արձագանգ ճշմարտացիութիւնը իրողութիւն դարձած, դարեր շարունակ ենթարկուեցանք կտտանքի, նեղութեան, ասպատակութեան, հալածանքի ու աքսորի, սակայն եւ այնպէս «չյուսահատեցանք»: «Քաղաքակիրթ» ազգերու կողմէ աննշան, փոքր ու անծանօթ նկատուեցանք, սակայն այսօր քաջածանօթ ենք, աշխարհով մէկ: Հզօրներու կողմէ «մեռած ու անհետացած» էինք, սակայն այսօր յարուցեալ ու վերակենդանացած, վերականգնած նոր ազգ ենք, մեր ոսկեղնիկ լեզուով, մշակութային գանձերով, անկախ ինքնուրոյն հայրենիքով:
Պատմական հայոց հայրենիքը դարեր շարունակ ներխուժած եւ ասպատակած օտարամուտ հորդաներ եւ այլազգի ուժեր, պատճառ դարձան հայոց թագաւորութեանց եւ պետականութեանց անկումին, հողային հսկայածաւալ տարածքներու կորուստին, արտագաղթին, աւերին ու նախճիրին: Հայոց մութ ու մռայլ այս դարերուն, օտար ափերուն տարտղնուած, անցեալի հայոց Տիգրան Մեծի ժառանգ ձգած հայրենի հսկայածաւալ տարածքներէն՝ ափ մը հողաշերտի վրայ ապրող հայու բեկորներուն խնամատարութեան-պաշտպանութեան համազգային դերակատարութիւնը Հայ եկեղեցին իր վտիտ ուսերուն վրայ ստանձնեց: Ան եղաւ հայ ժողովուրդի ո՛չ միայն քրիստոնէական հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու պահապանն ու փոխանցողը, այլեւ՝ նահատակութեան գինով, տէ՛ր կանգնեցաւ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգներուն, եւ որպէս մայր սնուցանեց, առաջնորդեց ու պաշտպանեց օտարազգի ամէն տեսակ ոտնձգութիւններու եւ այլասերումի դէմ:
Հայրենի հողերէն պարտադրաբար արտագաղթած հայու բեկորներ, ուր ալ գացին կամ գաղթեցին, ազգի սէրն ու հայրենի կարօտը իրենց սրտերուն, հայու գոյութենական միջնաբերդ, հաւատքի խորան՝ եկեղեցի եւ մշակոյթի օճախ՝ դպրոց կառուցեցին:
Ահա հայոց բարձրաւանդակ Հայկի, Արամի, Տիգրան Մեծի երկրէն հազարաւոր մղոններ անդին՝ Միացեալ Նահանգներու այս օտար ափերուն՝ Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաք ծուարած գաղթական հայ բեկորներ, բազում զրկանքներով, աննկուն կամքով բայց մանաւանդ անբեկանելի հաւատքով, երախտարժան մեր նախնիք, հարիւր տարիներ առաջ, ազգային եւ կրօնական նախանձախնդրութեամբ, նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով 1922 թուականին, լոյսի ու հաւատքի խորան՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարը կառուցին:
Ո՜վ Տէր, հայոց բոլոր եկեղեցիները ընդհանրապէս բայց յատկապէս այսօր, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հարիւրամեայ հոգեւոր ծառայութեան յոբելեանին, փոխ առնելով տաղասաց վարդապետին շարականի բառերը կը վերառաքենք եղանակելով. «Տէր Աստուած ողորմէ՛ եկեղեցի կառուցողները, երախտաւորները, նուիրատուներն ու ծառայողները, եւ անոնց՝ որոնք սուրբ եկեղեցւոյ հովանիին տակ կը հանգչին»:
Թող հայը իր բազուկի, մտքի եւ հոգիի դրական նուաճումներով գօտեպինդ՝ վաղուան անորոշ հորիզոններուն նայի խաչեալ, թաղեալ սակայն հրաշալիօրէն յարուցեալ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի յոյսով: