Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, որուն կառավարութիւնը տարիներով փորձած է տապալել Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնը՝ յայտնեց, որ պէտք է Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում գտնել «վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ հաղորդակցութեան միջոցով»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներու՝ կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու այս մասին ըսաւ Սուրիայէն գրաւուած Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ գործարարներու հետ հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Պէտք է վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ հաղորդակցութիւնը շարունակուի` համաձայնութիւն գոյացնելու համար սահմանադրութեան ու ճամբու քարտէսի շուրջ, որ կը ներառէ ընտրական հոլովոյթ մը, ըստ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին», յայտնեց Չաւուշօղլու՝ աւելցնելով. «Սուրիոյ չափաւորական ընդդիմութիւնը եւ կառավարութիւնը պէտք է հասնին համաձայնութեան մը ճամբու քարտէսի շուրջ, որ կը բացառէ ահաբեկիչները»,։
Չաւուշօղլու նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը, որ բռնագրաւած է Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, «կը զօրակցի Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան»:
«Պէտք չէ արտօնել, որ Սուրիա Թուրքիոյ դէմ ուղղուած ահաբեկչութեան որջ դառնայ, եւ պէտք չէ նաեւ անոր մասնատումը արտօնել», նշեց ան, մոռնալով այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա տարիներով Սուրիոյ դէմ կռուող ահաբեկիչներու որջ դարձած էր: