Երկուշաբթի օր, Լիբանանի խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան իր Դ. նիստը, օրինական թիւ գոյանալէն ետք:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան 110 երեսփոխաններ:
Նիստին ընթացքին կատարուած քուէարկութիւնը ստացաւ հետեւեալ պատկերը. Միշէլ Մուաուատ` 39 քուէներ, 50 սպիտակ քուէներ, «Նոր Լիբանան»` 13 քուէներ, Իսամ Խալիֆէ` 10 քուէներ եւ 2 չեղեալ քուէներ:
Խորհրդարանը չկրցաւ նախագահական ընտրութեան իր երէկուան ժողովը երկրորդ նիստով մը շարունակել` օրինական թիւի չգոյութեան պատճառով:
Նիստին աւարտը յայտարարելէ ետք, խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ յաջորդ նիստին թուականը աւելի ուշ պիտի ճշդէ եւ պաշտօնապէս ժողովի պիտի հրաւիրէ երեսփոխանները:
Նիստէն ետք, երեսփոխան Միշէլ Մուաուատ հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր թեկնածութեան՝ նկատել տալով, որ երկրին մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ կ՛ուզէ ինքզինք պարտադրել։ Ան յայտնեց, որ համախոհական այն թեկնածուն, զոր քաղաքական մնացեալ ուժերը տակաւին կը փնտռեն, պէտք է իր փաստաթուղթերը ներկայացնէ «Հըզպալլա»ին եւ երաշխիքներ ստանայ, որպէսզի յաջողի: «Մենք կը մերժենք այս տրամաբանութիւնը, որովհետեւ եթէ ընդունինք զայն, լիբանանցիներուն կեանքին ոչինչ տրամադրած կ՛ըլլանք», հաստատեց ան: