ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի օր, Ռուսիա սաստկացուց Վրաստանի դէմ իր ճնշումը, երբ բնական կազի ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի դադրեցնէ դէպի Վրաստան կազի մղումը, եթէ մինչեւ յառաջիկայ տարի համաձայնութիւն չկայանայ սակագինի շուրջ: Թիֆլիս կը պնդէ, թէ աւելի բարձր սակ պահանջելու «Կազփրոմ»ի կեցուածքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատժամիջոց Վրաստանի դէմ:
Ընկերութեան արտածումներու բաժնի տնօրէն Ալեքսանդր Մետւետեւ մերժեց վրացական այս տեսակէտը, ըսելով, որ իրենք կը պահանջեն 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց 230 տոլար, փոխան ներկայիս գանձուող 110ին եւ այս մէկը զուտ տնտեսական-առեւտրական որոշում է: Մետւետեւ աւելցուց. «Եթէ շփում չըլլայ, կազ չ’ըլլար»:
Կազի սակը 230 տոլարի բարձրացնելը կը նշանակէ, որ Վրաստան պիտի ստիպուի Արեւմտեան Եւրոպայի զարգացած երկիրներուն չափ վճարել եւ շատ աւելի, քան ինչ որ կը վճարեն նախկին խորհրդային պետութիւնները:
«Կազփրոմ»ի պաշտօնատարը ըսաւ նաեւ, որ Վրաստանէն կազի ներկայիս գանձուած սակը քաղաքական պատճառներով ցած է, սակայն պիտի բարձրանայ՝ տնտեսական հիմնաւորումով:
Վրաստան տարեկան 2 միլիառ խմ. կազ կը սպառէ, որուն 1.5 միլիառը կը հայթայթէ «Կազփրոմ»ը: