15 Հոկտեմբերին, Վենետիկ Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ, «Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական եօթներորդ մրցանակը շնորհուեցաւ մանկավարժ, իրաւապաշտպան, «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան (NECDO) հիմնադիր Ճամիլա Աֆղանիին, որ իր կեանքէն 25 տարիներ նուիրած է Աֆղանիստանի կաներուն կրթութեան հնարաւորութիւն տալու գործին։
Մինչեւ Օգոստոս 2021, «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութիւնը ունէր առաւել քան 100,000 կին շահառուներ, որոնք ընդգրկուած էին գրագիտութեան ծրագիրերու մէջ, շնորհիւ բազմաթիւ համայնքներուն հիմնած փոքր կենդրոններու, զորս կը ղեկավարէին կաներ։ Կազմակերպութիւնը նաեւ իրաւաբանական օգնութիւն եւ ընկերահոգեբանական աջակցութիւն կը տրամադրէ առաւել քան 10,000 կիներու, որոնք բռնութեան ենթարկուած են։ «Թալեպան» շարժումին՝ իշխանութեան վերադառնալէն ետք, ստիպուած ըլլալով փախչիլ Աֆղանիստանէն՝ Ճամիլան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։
Ամէն տարի, «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը «Օրօրա» մրցանակը կը շնորհէ ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով՝ իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն։ Դափնեկիրը կը ստանայ մէկ միլիոն տոլար պարգեւ։
որ իր կեանքէն 25 տարիներ նուիրած է Աֆղանիստանի կանանց կրթութեան հնարաւորութիւն տալու գործին։
Վրիպակը՝ կաներուն գրել կանանց