Վարազդատ Լալայեանի տպաւորիչ յաղթանակով վերջ գտաւ Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
23 տարեկանէն վար գերծանր դասակարգի (109 քլկ. եւ վեր) մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչը երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 440 քլկ. արդիւնք մը (200+240)՝ հռչակուեցաւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան:
Նշենք, որ 2021ին, Լալայեան հանդիսացած էր ախոյեան` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 447 քլկ. արդիւնք մը (206+241):
Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականի 23 մարզիկները իրենց ելոյթները աւարտեցին՝ տիրանալով 15 մետալներու: