Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան չբացառեց, որ արգիլուի նաեւ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ֆինանսաւորուող «Russia Today» պատկերասփիւռի կայանի ղեկավար, հայկական արմատներ ունեցող Մարգարիտա Սիմոնեանի Հայաստան մուտքը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Տեղեկութիւնը ինք՝ Մարգարիտա Սիմոնեան հրապարակեց` անդրադառնալով Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ հարցերու յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զատուլինի մուտքի արգելքին, որոշումը վերագրելով` Հայաստանի գործող ղեկավարին: Ալէն Սիմոնեան, սակայն, առանձնաբար չէ անդրադարձած Զատուլինի դէպքին, որուն մասին ռուս պատգամաւորը Հայաստանի Ազգային ժողովի նամակէն գիտցան, եւ, ինչպէս գրած էին, անակնկալի եկան:
«Ազատութիւն»ը կը յայտնէ, որ եթէ Զատուլինի պարագային պատճառաբանութիւն կայ, Մ. Սիմոնեանի պարագային բացատրութիւն չհրապարակեցին լրագրողը եւ Հայաստանի իշխանութիւնները:
«Ես նման ինֆորմացիա (տեղեկութիւն) չունեմ, բայց չեմ բացառում, որ թէ՛ ինքը, թէ՛ իր ամուսինը, թէ՛ հայկական ազգանունով տարբեր երկրների գործակալներ եւ տարբեր մարդիկ, ովքեր անյարգալից վերաբերմունք կը դրսեւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նկատմամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարների նկատմամբ, ի դէպ, մասնաւոր զրոյցներում շատ վիրաւորական արտայայտութիւններ կ՛անեն», ընդգծեց Ա. Սիմոնեան:
Հայաստանի տարածքին անցանկալի նկատուող օտարներու ցանկը կը գտնուի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) իրաւասութեան տակ: Կառոյցէն չհաստատեցին, բայց ոչ ալ հերքեցին, որ Մարգարիտա Սիմոնեանի եւ Կոնսթանթին Զատուլինի՝ Հայաստան մուտքը արգելուած է: Բայց արդեօք անոնք նաեւ անցանկալի անձեր նկատուա՞ծ են հարցումին՝ ԱԱԾն մերժեց պատասխանել՝ պատճառաբանելով, որ տեղեկութիւնը կը պարունակէ անձնական տուեալ:
ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԲՈՂՈՔԱԳԻՐ ՅՂԵԼ
Հակառակ անոր որ ԱԱԾն պաշտօնական տեղեկութիւն չտուաւ, բայց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական Ժամանակ» թերթը 25 Հոկտեմբերին գրած էր՝ «Հայաստանում Զատուլինն այլեւս համարւում է անցանկալի անձ»: Ռուս երեսփոխանը անկէ ետք հրապարակեց Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին կապերու վարչութեան պետին նամակը: Վերջինը, Ազգային ժողովի ղեկավարութեան յանձնարարութեամբ՝ տեղեկացուց, որ Զատուլինի յառաջիկայի այցելութիւնը ցանկալի չէ Հայաստանի համար: Պատճառը, ըստ Ազգային ժողովին, Հայաստանի հասցէին վերջին շրջանին անոր հրապարակային յայտարարութիւններն են, որոնք կը վնասեն հայ-ռուսական բարեկամական ու դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման: Յստակ չէ, թէ յատկապէս ո՛ր յայտարարութիւններուն մասին է խօսքը։
«Հայկական Ժամանակ»ը, մինչդեռ, յիշեցուց Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր իշխանութեան հասցէին Զատուլինի քննադատական յայտարարութիւնները, եւ որ ան «Երկիր Մեդիա»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին մեղադրեց վարչապետը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով «միջանցք տալուն մէջ»: Իշխող «Եդինայա Ռոսիա»ի 64ամեայ անդամը նախապէս արտայայտած հայամէտ դիրքորոշումներուն համար Ատրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ է:
Զատուլին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցէր հայ եւ ռուս հասարակական-քաղաքական գործիչներու քննարկումներու հարթակ համարուող «Լազարեւեան ակումբ»ի նիստին: «Առաւօտ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսաւ, որ ակումբի ամբողջ պատուիրակութեան Երեւան այցելութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ, անիկա տեղի պիտի ունենայ առցանց: Ռուս երեսփոխանը Հայաստան իր գտնուիլը անցանկալի նկատելու որոշումը նկատեց Երեւանի որդեգրած քաղաքական ընթացքի շարունակութիւնը` արեւմուտքի հետ ջերմացում, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կազմաքանդելու միջոցով: Վերոնշեալ հարցազրոյցին ընթացքին ան դիտել տուաւ, որ ռուս դիւանագէտները եւս կը զբաղին այս հարցով։
«Ես կապ հաստատեցին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին, փոխնախարարներուն հետ եւ ինծի յայտնեցին, որ նախարարութիւնը կը պատրաստէ բողոքագիր մը՝ դէպքին վերաբերեալ, որ նպատակ ունի պարզել Հայաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնական դիրքորոշումը այս իրավիճակին վերաբերեալ, որովհետեւ մենք ոչ մէկ ձեւով կրնանք հասկնալ կատարուածը: Մեզի համար տարօրինակ է ընտրուած մեթոտը», նշեց ան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կարելի չեղաւ յստակացնել, թէ արդեօք Մոսկուայէն բողոքագիր ստացա՞ծ են:
Տարածած յայտարարութեամբ՝ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը դատապարտեց Զատուլինին նկատմամբ որոշումը` զայն որակելով հերթական հակահայկական քայլ:
Արդեօք ռուս գործիչներու մուտքի արգելքով հայ-ռուսական յարաբերութիւնները չե՞ն լարուիր հարցումին պատասխանելով՝ Ալէն Սիմոնեան ըսաւ, որ Հայաստան չի փճացներ յարաբերութիւնները, այլ արդարութիւն կ՛ուզէ՝ նաեւ ակնարկելով Ռուսիոյ առաջնորդած ՀԱՊԿի անգործութիւնը:
«Այն պարտաւորութիւնները, որոնք գործընկեր պետութիւնները վերցրել են, պէտք է ի կատար ածուէն, դա է մեր հիմնական նպատակը: Թէ ինչ-որ մէկը կը նեղանայ, թէ ինչ-որ մի պրոպագանդայի (քարոզչութեան), բիւրոյի անդամ իրեն վատ կը զգայ կամ լաւ չի զգայ, շատ երրորդական, չորրորդական հարց է», ըսաւ Սիմոնեան:
Երեւանի մէջ ծրագրուած «Լազարեւեան ակումբ»ի նիստին, ինչպէս փոխանցեցին Ազգային ժողովէն, հրաւիրուած էր նաեւ Ալէն Սիմոնեան, բայց ան մերժած էր` Սամարղանդի մէջ ԱՊՀի միջխորհրդարանական նիստին մասնակցելու պատճառաբանութեամբ: