Արամ Ա. կաթողիկոսըը Բերիոյ Հայոց թեմի հայրապետական նուիրակ նշանակեց Մակար եպս. Աշգարեանը։
Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Զաւէն. վրդ. Նաճարեանի եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի։
Հայրապետական նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է Դպրեվանքին մէջ՝ իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, Թեհրանի Հայոց թեմին մէջ՝ իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ, Մայրավանքին մէջ՝ իբրեւ լուսարարապետ Մայր Տաճարի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ