ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի յանձնաժողովներու ամավարկային քննարկումները Նոյեմբեր 8ին ամփոփուեցան ելեւմտական, ամավարկային եւ տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստին:
Օրէնսդիրներուն ներկայացուեցան պետական ներդրումային եւ ամավարկային վարկաւորման կառավարութեան ծրագիրները: Նիստի օրակարգով նախատեսուած էր նաեւ եկամուտներու ձեւաւորման մասին քննարկում:
Ելեւմտական միջոցներով եւ վարկային աղբիւրներով ծրագիրներու իրականացման մասին տուեալներ հաղորդեցին ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Փաւէլ Սաֆարեանը, ապա՝ համապատասխան նախարարութիւններու պատասխանատուները:
Գիւղատնտեսութեան զարգացման համար, 2007ին պետական միջոցներէն պիտի յատկացուի նախորդ տարուան համեմատ 1.2 միլիառ դրամով աւելի գումար: Գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Զաւէն Գալստեան նշեց, որ նախատեսուած 5 միլիառ դրամէն 610 միլիոն դրամը պիտի յատկացուի հողերու բարելաւման աշխատանքներուն, 1.5 միլիառ դրամը՝ անասնաբուժական եւ հակահամաճարակային միջոցառումներու եւ 1.1 միլիառ դրամը՝ տոհմաբուծութեան եւ սերմնաբուծութեան համար: Ըստ Զ. Գալստեանի, այս ոլորտի տնտեսական քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնը պիտի ըլլայ երկիրի պարէնային անվտանգութեան ապահովումը եւ չքաւորութեան կրճատումը: Անտառային տնտեսութիւններու պահպանութեան նպատակով յատկացումներու չափը, ըստ նախագիծի, 1.6 միլիառ դրամ է: Այս ոլորտին մէջ պիտի իրականացուին նաեւ վարկային ծրագիրներ՝ մասնաւորապէս թռչնակրիփի հակազդելու ծրագիր:
Փոխադրութեան եւ կապի բնագաւառին 2007ի ամավարկէն կը ծրագրուի յատկացնել 21.5 միլիառ դրամ: Նախարար Անդրանիկ Մանուկեան տեղեկացուց, որ պետական նշանակութեան ճանապարհներու հիմնական նորոգութեան համար պիտի յատկացուի 13.6 միլիառ դրամ, հանրապետական եւ միջպետական ճանապարհներու պահպանութեան համար՝ 6 միլիառ դրամ եւ 470 միլիոն դրամ՝ համայնքային ճանապարհներու ձմեռնային պահպանութեան նպատակով:
Առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեան նշեց, որ այս բնագաւառին գալիք տարի պիտի տրուի 922 միլիոն դրամ: Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան պետական աջակցութեան ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորուի 400 միլիոն դրամով: Զբօսաշրջութեան զարգացման պետական ծրագրին պիտի տրամադրուի 250 միլիոն դրամ: 180 միլիոն դրամ պիտի տրամադրուի Ծաղկաձորը միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող կեդրոն դարձնելու ծրագիրի կենսագործման համար:
Քաղաքաշինութեան ոլորտին մէջ 2007ին պիտի շարունակուի նախորդ տարիներուն սկսած ծրագիրներու իրագործումը: Այս նպատակով նախատեսուած ամավարկով առանձնացուած է 17 միլիառ դրամ: Քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան ներկայացուց ծախսային հիմնական ուղղութիւնները: Կրթական հաստատութիւններու նորոգութեան համար պիտի տրամադրուի 9 միլիառ եւ շինարարութեան համար՝ 813 միլիոն դրամ, նախորդ տարուան համեմատ 50 տոկոսով աւելի: 1 միլիառ պիտի տրամադրուի մշակութային հաստատութիւններու նորոգութեան, 815ական միլիոն դրամ փախստականներուն համար բնակարաններ գնելու վկայագիրներու եւ գիւղական վայրերուն մէջ անօթեւան ընտանիքներու բնակարանային շինարարութեան ուղղութեամբ:
Չրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ Անդրանիկ Անդրէասեան ըսաւ, թէ ոռոգման համակարգին պիտի յատկացուի 5.4 միլիառ դրամ:
Ուժանիւթի փոխնախարար Արա Սիմոնեան տեղեկացուց, որ պետական միջոցներէն պիտի տրամադրուի 738 միլիոն դրամ՝ ոլորտի անվտանգութեան բարելաւման, արհեստագիտական վերասարքաւորման եւ հզօրութիւններու արդիւնաւէտ օգտագործման նպատակով:
Եկամուտներու ձեւաւորման հարցին անդրադառնալով՝ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարարը յայտարարեց, որ 2007ին գործադիրը կը նախատեսէ ունենալ 489 միլիառ դրամի եկամուտ՝ նախորդ տարուան 436.5ի փոխարէն: Ըստ նախագիծին, համապատասխան մարմինները 80 միլիառ դրամի յաւելեալ եկամուտ պէտք է ապահովեն հարկերէն եւ տուրքերէն՝ տնտեսական աճի եւ վարչարարութեան բարելաւման արդիւնքով: Փոխնախարարը դրական ցուցանիշ համարեց ընդհանուր եկամուտներուն մէջ հարկերու եւ տուրքերու ծաւալներու աճը. ան պիտի կազմէ 93 տոկոս:
Մաքսային պետական կոմիտէի նախագահ Արմէն Աւետիսեան հաղորդեց, որ ամավարկի եկամտային մասի շուրջ 40 տոկոսը կը հայթայթէ մաքսային մարմինը: Այս տարի մաքսային կոմիտէն հաւաքած է 162 միլիառ դրամ: 2007ին տոլար-դրամի տատանումներու եւ ազգային դրամանիշի արժեւորման պայմաններով հնարաւոր է, որ մաքսային կառոյցի մուտքերը պակսին: Կոմիտէն կը ծրագրէ վարչարարական միջոցներու ուժեղացմամբ փակել տարբերութիւնը:
Հարկային պետական ծառայութեան պետ Ֆելիքս Ցոլակեանի ներկայացուցած տուեալներով՝ ամավարկի եկամտային մասի 458.9 միլիառ դրամը պիտի ապահովուի հարկերէն եւ տուրքերէն: Վարչարարութիւնը բարելաւելու արդիւնքով կ’ակնկալուի 54 միլիառ դրամի յաւելեալ հարկային եկամուտ:
Ամավարկային քննարկումներու այս փուլէն յետոյ նախագիծը, ԱԺ նախագահի առաջարկով, պիտի ընդգրկուի քառօրեայ նիստերու օրակարգին: Իսկ մինչ այդ, Նոյեմբեր 10ին, յանձնաժողովներուն մէջ ամավարկային քննարկումներէն բխած գրաւոր առաջարկները պիտի յղուին կառավարութեան: