Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Քերըն Տանֆրիտի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ Երեւան տակաւին չէ արձագանգած 2 Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին հայկական կողմին ներկայացուած խաղաղութեան պայմանագիրի տարրերուն։
«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ՝ Պայրամով ամերիկացի պաշտօնեային հետ զրոյցին ընթացքին խօսած է տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, Պաքուի դիրքորոշման եւ առաջարկներուն մասին:
Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ Տանֆրիտ ընդգծած է «առաջնորդներու եւ նախարարներու հանդիպման ընթացքին խաղաղ գործընթացի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները յառաջ տանելու կարեւորութիւնը»: