Կիրակի օր, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան վեցամեայ նստաշրջանի աւարտին տեղի ունեցաւ նախագահական պալատէն անոր մեկնումի պաշտօնական արարողութիւնը, հակառակ անոր, որ ցարդ կարելի չէ եղած նոր նախագահ մը ընտրել:
Պաապտայի պալատի թիւ 1 մուտքին դիմաց, նախագահը ընդունուեցաւ «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան եւ անոր բազմահազար համակիրներուն կողմէ։
Աուն յայտարարեց, որ ինք ստորագրած է կառավարութեան հրաժարականը եւ խորհրդարանին նամակ յղած է այս իմաստով՝ շեշտելով, որ կ՛ուղղուի դէպի նոր փուլ մը, «որ կը սկսի հզօր պայքարով եւ առաւելագոյն աշխատանքով՝ զեղծարարութիւնները արմատախիլ ընելու նպատակով»:
«Ներկայիս ունինք պետութիւն մը, որ իր հաստատութիւններով փճացած է եւ արժեզրկուած, որովհետեւ իշխող համակարգը օգտագործած է զայն, իսկ դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը կանգ առած է եւ ժողովուրդին իրաւունքը կարելի չ՛ըլլար ապահովել», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ծովային սահմանագծումով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանին պատկանող բնական այդ հարստութեամբ այնքան գումար ապահովել, որ փրկէ երկիրը՝ շեշտելով, որ ժողովուրդը տէր պիտի կանգնի այդ գումարներուն։
Ապա Աուն փոխադրուեցաւ Ռապիէի իր բնակարանը՝ նախագահական շքախումբով:
Հանրապետութեան նախագահութեան լիազօրութիւնները ստանձնելու առումով սահմանադրական թնճուկը աւելի եւս կարծրացաւ, երբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նամակ մը յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին՝ շեշտելով, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքները բնականոն կերպով պիտի շարունակէ:
Ստեղծուած այս իրավիճակի լոյսին տակ, կառավարութեան կազմութեան բոլոր յոյսերը եւ նշոյլները չքացան, իսկ երկիրը մուտք գործեց նախագահական, կառավարական եւ դատական դատարկութեան դրութեան մէջ՝ ելեւմտական քայքայումին զուգահեռ: