ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բոլոր ժամանակներուն համար ալ նման խորագիր մը խորթ պիտի թուի: Ո՞վ կը սիրէ, կամ կրնայ սիրել իր թշնամիները: Ամէն մարդ ալ կը ջանայ հեռու փախչիլ իր թշնամիներէն, երբ բաւարար ուժ չունի անոնց դէմ մարտնչելու: Սակայն, եթէ ինքնավստահ է իր դիմադրելու կարողութեան ու զօրութեան, անպայման կը պայքարի անոնց դէմ, որպէսզի կարենայ վերջնականապէս ազատիլ եւ հանգիստ կեանք մը վայելել: Թշնամիին դէմ պայքարը, մինչեւ մահուան դուռ կրնայ առաջնորդել կողմերէն մէկը: Ուրեմն, նման որոշում տալը վճռական քայլ մըն է պայքարողին համար:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ «թշնամի»ն այլ տարազ կը զգենու: Ան չի՛ դադրիր թշնամի կոչուելէ, սակայն կը ներկայացուի իբրեւ մէկը, զոր ո՛չ միայն պիտի ներենք, այլեւ սիրենք…։
Մատթէոսի Աւետարանի հինգերորդ գլուխը, որ «Փոքրիկ Աւետարան» անունով ծանօթ է, քրիստոնէական բարոյագիտութեան խտացումն է: Սուրբգրոց մեկնաբաններ այն կարծիքին են, որ սկզբնական շրջանին, երբ տակաւին աւետարանները գրի չէին առնուած, Յիսուսի աշակերտները իրենց ձեռքին ունէին այս «Փոքրիկ Աւետարան»ը, որուն վրայէն քարոզչութիւն կը կատարէին:
Աւետարանական վերոյիշեալ գլխուն 44րդ համարը գլուխ գործոց է, թշնամիներու մասին մարդկութեան ունեցած տպաւորութիւնը գլխիվայր շրջելու առումով. «Իսկ ես կ՛ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»…։
Որքա՜ն ծանր են Յիսուսի նախադասութիւնները, որոնք մեխի նման կը գամուին մարդու սիրտին վրայ: Ո՞վ թշնամի չունի: Այս բառը կարդացած ատեն, վստահ եմ իւրաքանչիւրդ ձեր աչքերուն դիմաց կը պատկերացնէք երբեմն թիւով շատ մարդիկ, որոնց շարքին ամէնէն ահաւորները առաջին գիծի վրայ, որոնք մինչեւ հիմա խէթ աչքով կը նային ձեզի…։ Ինչպէ՞ս ներել, ինչպէ՞ս մոռնալ, ինչպէ՞ս սիրել զանոնք… երբ ոչ միայն մեր չարիքը, այլեւ երբեմն մեր մա՛հը ուզած են անոնք…։ Երբ խօսինք քրիստոնէական բարոյագիտութեան մասին, մարդոց կը թուի, թէ անիկա մանկապարտէզի դասարանին մէջ գործադրուելու համար հաստատուած կանոններու հաւաքածոյ մըն է, որուն խորագիրն է «բարի կեցէք» նախադասութիւնը: Ո՛չ, անիկա կեանքի ամէնէն դժուար կանոնագիրքն է, որ երկինքի արքայութիւն տանող աստիճանին առաջին սանդղամատին վրայ դրուած է: Ինչպէ՞ս պիտի բարձրանաս վեր, երբ ոտքերուդ կը դպչի այս կանոնագիրքը: Ուրեմն ստիպուած ես զայն վերցնել, կարդալ, եւ ապա ճամբայ ելլել:
Վերոյիշեալ կանոնագիրքին մէջ, թշնամիներուն ուղղուած բարեացակամ վերաբերումին ամէնէն դժուար կանոնը, մեր կարծիքով, անոնց համար աղօթելն է: Աղօթքը, որ կրօնքին հոգին է, իսկ քրիստոնէական կրօնքին էատարրը, ինչպէ՞ս ծառայեցնել մեր թշնամիներուն բարօրութեան…։ Ահաւասիկ երկդիմի գաղափարներ, որոնց բախումը, մարդու միտքին մէջ հսկայ աւերածութեան նման պատկեր կը ստեղծէ: «Թշնամիին համար աղօթե՞լ. զայն օրհնե՞լ. ի՞նչ բանի համար. իր կատարած չարիքի՞ն. պատճառած վնասներո՞ւն համար, որոնց պատճառով որքա՜ն հոգեբեկումներու ենթարկուած եմ», արդարօրէն կ՛ըսէր անողոք թշնամիի մը հարուածներուն տակ կքած բարեկամ մը, երբ իրեն կը յիշեցնէինք քրիստոնէական վարդապետութեան վերոյիշեալ հատուածը սուրբ Աւետարանէն: Մարդը ամէն ինչ կորսնցուցած էր իր թշնամիին ձեռքով, եւ հիմա յորդոր կը ստանար աղօթելու անոր բարօրութեան համար… Ահա՛ թէ որքան դժուար կանոններ ունի քրիստոնէութիւնը, երբ դուրս գանք անուանական քրիստոնեաներ ըլլալու փայլփլուն մեր տարազէն: Ձեռքերու լայն տարածումէն կամ ծնրադիր աղօթելու վարժութենէն, զիրար «հոգեւոր քոյր, եղբայր, զաւակ» կոչելէն շա՜տ անդին է քրիստոնէութեան իսկութիւնը, որուն սպիտակ թուղթին վրայ թշնամիներուն անուններն ալ գրուած են աղօթք ընդունողներու շարքին…։ Ուրեմն, «քար դնելով» մեր հոգւոյն վրայ, պիտի աղօթենք անոնց համար եւս, որ Աստուած դարձի բերէ զանոնք, ու ճշմարիտ ճամբու վրայ հաստատէ: Աղօթելու ընթացքին բնականաբար լայն ժամանակ կը տրամադրենք նաեւ մեր անձնական խնդրանքներուն: Ըսուած է, որ մարդ արարածներու շարքին, միայն մա՛յրն է, որ ժամանակ չունենար ինք իրեն համար աղօթելու, այնքան որ «բազմազբաղ» կ՛ըլլայ զաւակներուն համար աղօթելով…։
Թշնամիներու գոյութիւնը, ո՛չ միայն մարդկային կեանքի, այլեւ բնութեան մէջ շատ բնական երեւոյթ մըն է: Բոլորս պատուէր ստացած ենք հաշտ եւ համերաշխ ապրելու իրարու հետ, սակայն քանի՞ տոկոսը կը գործադրէ այս պատուէրը: Մենք իրաւունք չունինք մեղադրելու զիրար: Մարդու իւրաքանչիւր տեսակ կարեւոր է, կեանքի բազմազանութիւնը ապրելու համար: Բոլորս ալ գիտենք, որ բարի մարդիկ մեր երջանկութեան պատճառ կը հանդիսանան: Իրենց բարեացակամութիւնը, մեր բարիքին համար կատարած զոհողութիւնները եւ այլ բարիքներ, երախտագիտութեամբ պէտք է յիշենք: Բարի մարդոց բարի սովորութիւններէն է, կատարած բարիքը մոռնալը…։ Սակայն մենք երախտամոռ պէտք չէ՛ ըլլանք: Վատ անձերուն ներկայութիւնն ալ ունի դրական կողմ մը, որմով անոնք իրենց կատարած վատութեամբ, մեզ փորձառու կը դարձնեն: Անոնց աւելի վտանգաւոր տեսակները, որոնք երբեմն մեծ վնասներ կը հասցնեն մեզի, կեանքի մեծ դաս կը դառնան, որպէսզի անգամ մըն ալ նոյն փոսին մէջ չ՛իյնանք…։
Թշնամիներ յայտնաբերելը մասնագիտութեան խնդիր է: Շատեր ամբողջ կեանք մը կ՛ապրին մարդոց հետ, առանց գիտնալու, որ իրենց ոխերիմ թշնամին օրական 24 ժամ իրենց կողքին կանգնած է: Սակայն շրջահայեացութիւնը եւ մանաւանդ քիչ մը յաւելեալ «հոտառութիւնը», սթափեցուցած են շատերը, որոնք կրցած են ճանչնալ իրենց կեանքը վնասող տարրերը, ու հեռացնել զանոնք իրենց շրջապատէն:
Բարեկամ մը, որ կրցած էր յայտնաբերել իր թշնամիներէն ոմանք, նախ կ՛աղօթէր, որ Աստուած ճանչցուցած էր անոնց իսկական դիմագիծը իրեն, վար առնելով անոնց ժպտուն դիմակները: Ապա, ան կ՛աղօթէր անոնց առողջութեան համար՝ ըսելով. «Ո՛ղջ մնան թշնամիներս»: Թշնամիներու գոյութիւնը գլխաւոր պատճառ կը համարէր ան, իր վերելքին եւ յառաջդիմութեան:
Երկրորդ բարիքը, որ թշնամիներու ներկայութիւնը կը պատճառէ գիտակից մարդուն, մնայուն արթուն եւ զգաստ ըլլալու առաւելութիւնն է: Այս իմաստով, անոնց գոյութեան համար աղօթելը, մեր բարիքին կը ծառայէ: Մարդկային ընկերութեան մէջ կան որքա՜ն «թմրած», «քնացած», «անտարբեր» անձեր, որոնք անընդհատ կը կողոպտուին իրենց «բարեկամներէն», որովհետեւ չեն ճանչցած անոնց թշնամի ըլլալը: Թշնամութեան բացայայտ տեսակը եթէ պատերազմի դաշտին վրայ կը պարզուի, արեան բաղանիքով կ՛աւարտի, սակայն անդին՝ սովորական կեանքի մէջ կան թշնամութեան բազմաթիւ տեսակներ, որոնք թաքուն յառաջխաղացքով կ՛ընթանան, մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Ոմանք կը մեռնին կ՛երթան, առանց իմացած ըլլալու, թէ ո՛վ էր իրենց կործանման բուն պատճառը: Երանի՜ անոր, որ շուտով կը ճանչնայ իր թշնամիները, որովհետեւ եթէ ճանչնայ՝ կ՛աղօթէ անոնց գոյութեան համար, իբրեւ իր սթափութեան պատճառներ եւ յառաջդիմութեան բացառիկ առիթեր: