ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Մ. Նահանգներու Քոնկրէսի ընտրութիւններու յաջորդ օրը, երկրի պաշտպանութեան նախարար Տանըլտ Ռամսֆելտ յայտարարեց, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն, իսկ նախագահ Ճորճ Պուշ յայտարարեց, որ այդ պաշտօնին պիտի նշանակէ Ռապըրթ Կէյթսը, որ նախապէս վարած է Սի.Այ.Էյ.ի տնօրէնի պաշտօնը՝ 1991-1993ին:
Ընտրութիւններուն, Հանրապետական կուսակցութիւնը լուրջ պարտութիւն կրեց, եւ այս պարտութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ Իրաքի պատերազմին նկատմամբ ամերիկացի քուէարկողներու ընդդիմութիւնը:
Պուշ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Ռամսֆելտի մասին, որ 6 տարի վարած էր այդ պաշտօնը եւ ըսաւ, թէ ընտրութիւններէն առաջ իսկ, Կիրակի օր, տեսակցած է Ռապըրթ Կէյթսի հետ:
74 տարեկան Ռամսֆելտ առաջին անգամ նախագահ Ճերըլտ Ֆորտի օրերուն ստանձնած էր պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, սակայն անկէ առաջ իսկ, Ռեկընի օրերուն, ան Հանրապետական վարչակազմի գործօն դէմքերէն էր: Ինք կը նկատուի Իրան-Իրաք պատերազմի տարիներուն Սատտամ Հիւսէյնի հետ զինակցութեան ճարտարապետը:
Կէյթսի նշանակումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ:
Դեմոկրատ շրջանակները յայտարարեցին, թէ Ռամսֆելտի մեկնումը նոր վարքագիծի մը ազդանշանը պէտք է հանդիսանայ՝ յատկապէս Իրաքի կապակցութեամբ: