31 Հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի իրավիճակի բնականոնացումը եւ երկկողմ համագործակցութիւնը:
Փութին յայտնեց, որ եռակողմ բանակցութիւններուն նպատակը 2020 եւ 2021 թուականներուն ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններու կատարումն է: «Դուք բազմիցս նշած էք, որ Ռուսիա կարեւոր դեր խաղացած է հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, այժմ մեր խաղաղապահ զօրախումբը կը կատարէ իր առաքելութիւնը այնպէս, ինչպէս որ պէտք է: Այս գնահատականներուն համար ես ձեզ շնորհակալ եմ: Այսօր պէտք է քննարկել այն իրավիճակը, որ այսօրուան դրութեամբ ստեղծուած է, ուղի փնտռել՝ լուծելու այն հարցերը, որոնք տակաւին չեն լուծուած: Այս առումով կը նշէի նաեւ տնտեսական բնոյթի կարեւոր բաղադրիչ մը: Մենք հիմնած ենք եռակողմ աշխատանքային խումբ մը, զոր կը գլխաւորեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները: Անոնք բաւական յառաջ գացած են այն հարցերուն մէջ, զորս մենք քննարկած ենք աւելի կանուխ՝ երկու տարի առաջ: Այստեղ նոյնպէս կարծես անհրաժեշտ է լրացուցիչ թափ հաղորդել: Գիտեմ, որ ատրպէյճանական կողմը այս ուղղութեամբ բաւական աշխոյժ կերպով կ՛աշխատի: Հարցերու շրջանակը բաւական մեծ է», ըսաւ Փութին:
Միւս կողմէ, Ալեւ կրկնեց ատրպէյճանական նոյն թէզը, թէ՝ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը այլեւս պատմութիւն է։ «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծուած է երկու տարի առաջ: Այդ պարունակին մէջ քննարկելու թեմա չկայ: Իսկ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները այն ձեւաչափն են, որոնք շատ լուրջ քայլերու կարիք ունին: Հետագային եւս կ՛ակնկալենք ձեր եւ Ռուսիոյ աշխոյժ դերակատարութիւնը այդ նպատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ», ըսաւ Ալիեւ: