

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը հայ ազգային-եկեղեցական ամէնէն կարեւոր եւ նշանակալից տօներէն է: Անիկա մեր մշակութային եւ պատմական ոսկեզօծ էջերէն մէկն է, որ կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումը եւ հայ դպրութեան սկիզբը:
Այս առիթով, Հայ Քոյրերու վարժարանը, Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերին հիւրընկալեց գրող, լրագրող եւ գրականագէտ Սեդա Գրիգորեանը, որ 5-8րդ կարգի աշակերտներուն փոխանցեց Թարգմանչացի պատգամը: Միջնակարգ դասարաններու հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարիա Եարալեան ներկայացուց հիւրը: Վերջինս աշակերտներուն խօսեցաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտին, այբուբենի ծնունդին եւ անոր յաջորդող թարգմանչական աշխատանքներուն մասին: Գրիգորեան իր պատգամը համեմեց աշակերտներուն հետ հարցում-պատասխաններով: Աւարտին, բոլորը միասնաբար հատեցին Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերով կարկանդակը:
Իսկ Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբերին, Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ Հայ Մշակոյթի օրը սկսաւ Ս. պատարագով, զոր մատուցեց առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան:
Առաջնորդը նաեւ օրհնեց լաւաշ հացերը, որոնք իբրեւ հայկական աւանդութիւն բաժնուեցան այնուհետեւ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին:
Գեղարուեստական յայտագրի բացումը կատարուեցաւ «Հայր Մեր»ով, որուն յաջորդեց վարժարանիս հայերէնի դասատու Նորա Պուլտուքեանի բացման խօսքը: «Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կը նշենք Հայ Մշակոյթի ու Թարգմանչաց տօները, պանծացնելու համար մեր սուրբ թարգմանիչներուն գրական վաստակը: Հայ ժողովուրդը յաճախ իր աշխարհիկ կամ եկեղեցական տօնակատարութիւններով, ինչպէս այսօր բոլորս միասնաբար, իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ եւ կը յիշէ մեր երախտաւորները. մենք ալ մեր կարգին պիտի շարունակենք պահպանել մեր մշակոյթը ու սիրել մեր մայրենի լեզուն՝ իբրեւ հայապահպանման եւ հայութիւնը ձուլումէ պահող ջահակիրն ու փարոսը», ըսաւ ան:
Գեղարուեստական բաժինին ընթացքին բեմ բարձրացան մանկապարտէզի աշակերտները՝ «Իմ Պապիկի Հայաստան» երգով, ապա Ա. դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Մայրենի Լեզու»ն: «Այբուբենի Մասին» երգով ելոյթ ունեցան Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները, որուն յաջորդեց 2րդ եւ 3րդ կարգի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած «Հայերէն» ասմունքը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան: «Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին անցած է բազմաթիւ տագնապներէ, տեսած է պատերազմներ, օտար պետութիւններու հպատակութեան ենթարկուած է, տեսած է ջարդ եւ Ցեղասպանութիւն, բայց այս բոլորին ընդմէջէն կրցած է գոյատեւել որովհետեւ կառչած մնացած է իր մշակոյթին: Այն ժողովուրդը, որ մշակոյթ ունի, այն ժողովուրդը, որ իր լեզուն կը պահէ եւ այդ լեզուով կ՛ապրի չի կորսուիր եւ չի խառնուիր օտար ազգերու մէջ, այլ կը պահէ իր ինքնութիւնը: Այս պատճառով եկէք բոլորս այսօր անգամ մը եւս ուխտենք, որ միշտ պիտի պահենք մեր մշակոյթի արժէքը եւ այդ մէկը ընելու համար, առաջին պայմանը մեր լեզուով՝ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ խօսիլն է», ըսաւ ան՝ շեշտը դնելով հայրենով խօսելու անհրաժեշտութեան վրայ, ապա աւելցուց, որ «օտար լեզուն օտարներուն հետ խօսելու համար է, հայերը իրարու հետ մայրենիով պիտի խօսին, որովհետեւ հայախօս նոր սերունդներով կը պահպանուի լեզուն: Ան եզրափակելով ըսաւ որ «հայապահպանութեան լեզուն ձեր մօտն է»:


Ներկայացուեցաւ հայկական պար մը՝ «Արցախ»ը, ապա 6րդ դասարանը բեմականացուց «Լաւաշի պատմութիւն»ը, որմէ ետք 4րդ դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ, 5րդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Խօսէ Հայերէն», իսկ 3րդ, 4րդ եւ 5րդ դասարանի աշակերտները երգեցին «Մենք Մանուկներ Հայաստանի Բալիկներ» երգը: «Ուզունտարա» պարին յաջորդեց 8րդ դասարանի ներկայացումը հայկական հարիսային մասին, ապա 7րդ կարգի աշակերտները ասմունքեցին «Տաղ Հայերէն Լեզուին», եւ գեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Ծաղկաձոր» պարի կատարումով:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան: Ան ըսաւ, որ աշակերտները մեզի պատգամ փոխանցեցին՝ հայերէն խօսելու, հետեւաբար ծնողները պէտք է անպայման իրենց զաւակներուն հետ խօսին հայերէն, նոյնիսկ եթէ վերջիններս անգլերէնով խօսին: Ան գնահատեց հայ ուսուցչուհիներուն աշխատանքը, որոնք ջանք չեն խնայեր եւ երկար ժամանակ կը տրամադրեն աշակերտներուն սորվեցնելու հայերէն ասմունքները, երգերը եւ պարերը: Աւարտին, քոյր Լուիզան հայերէնի ուսուցչուհիներուն՝ Մարօ Գույումճեանին, Մարիա Եարալեանին, Նորա Պուլտուքեանին եւ Այանա Համամճեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ անոնց ծաղիկներ նուիրելով:
Նշենք, որ հայ մշակոյթին նուիրուած միջոցառումներու ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, մանկական երգերու կատարող Թալինը եւ իր խումբը (Taline & Friends) այցելեցին Հայ Քոյրերու վարժարանը եւ մանկապարտէզէն մինչեւ 4րդ կարգի աշակերտներուն համար ներկայացուցին հայերէն երգերով եւ պարերով ճոխ յայտագիր մը: