ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը տեղեկացուց, որ Օրտուի մէջ մահացած են քաղաքի վերջին հայ բնակիչները՝ տոքթ. Տիգրան Թորաման (90 տարեական) եւ քոյրը՝ դեղագործուհի Արտեմ Թորաման (86)։ Թերթը կը գրէ, որ եղբայր եւ քոյր Թորամանները մահացած են մէկ օրուան տարբերութեամբ։ Քաղաքի բնակիչներու մեծ համակրանքին առարկայ դարձած Թորամանները յուղարկաւորուած են իրենց դրացիներուն ջանքերով եւ անոնց մարմինը ամփոփուած է Օրտուի մէջ՝ ըստ իրենց փափաքին։
Նոյն աղբիւրը այս կապակցութեամբ գրած է նաեւ, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը նշած է, որ պատրիարքարանը տեղեակ չէ պահուած Թորամաններու կորուստէն, այլապէս անոնց յուղարկաւորութեան համար կարելի էր Օրտու ուղարկել հոգեւորական մը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ է նորոգ հանգուցեալ Թորամաններուն համար։