ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահի ռազմական հարցերու օգնական Մաքերամ Ալիեւ այցելեց Նախիջեւան, ինքնավար շրջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ քննարկելով Նախիջեւան տեղակայուած զօրամասերուն կարիքները հոգալու եւ անոնց մարտական պայմանները բարելաւելուն վերաբերող հարցեր:
«Իրականացուեցաւ պետական սահմանի, ռազմական կեդրոններու, զինուորականներու հանրակացարաններու, բժշկական կեդրոններու եւ այլ ռազմական դիրքերու, ինչպէս նաեւ ռազմական սարքերու ստուգում», կ՛ըսուի Պաքուի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: