Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննեցին Հարաւային Կովկասի կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի երկու կողմերուն հրապարակած հաղորդագրութիւններուն մէջ:
Ապտոլլահեան յայտնեց, թէ Իրան Կովկասի մէջ վէճի լուծման ճիշդ ուղին կը նկատէ «3+3» ձեւաչափը:
«Շրջանին մէջ օտար պետութիւններու ներկայութիւնը աւելի կը բարդացնէ վէճերը, հետեւաբար մենք դէմ ենք անոնց ներկայութեան», յայտնեց իրանցի նախարարը` նշելով, որ շրջանի ապահովութիւնը կենսական կարեւորութեան հարց է շրջանի բոլոր երկիրներուն համար, եւ որ «Իրան Ատրպէյճանի ապահովութիւնը ի՛ր ապահովութիւնը կը նկատէ»:
Ապտոլլահեան Պայրամովին հաւաստութիւն տուաւ, որ Իրան, «ինչպէս միշտ, իր ջանքերը կը կեդրոնացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն միջեւ վէճերը դիւանագիտական եւ շրջանային ճամբով լուծելուն վրայ»: Ան յիշեցուց, որ Ասթանայի մէջ հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները համակարծիք եղան, որ շրջանի բոլոր երկիրներու, ներառեալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուի:
Ըստ իրանեան կողմին՝ Պայրամով բարձր գնահատեց այն փաստը, որ իրանցի պաշտօնակիցը հեռաձայնած է եւ ներկայացուցած շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղուած միջնորդական ջանքերու ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտօնատարներուն հետ բանակցութիւններու արդիւնքները: