ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Կիպրոսի իշխանութիւնները եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահութիւնը արդէն իսկ անբաւարար նկատած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Կիպրոսի հարցով ներկայացուած նորագոյն եւ անորոշ առաջարկը, անոր շուրջ վէճը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ:
Արդարեւ, մինչ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան կը փորձէր համոզել թրքական քաղաքական շրջանակները, թէ իր կառավարութեան առաջարկը դիւանագիտական կարեւոր քայլ մըն էր, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները անմիջապէս յարձակումի անցան կառավարութեան դէմ եւ պնդեցին, թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւորած կառավարութիւնը կը դաւաճանէ Կիպրոսի հարցի նման «ազգային դատ»ի մը։
Ընդդիմութեան ղեկավարներէն Տէնիզ Պայքալ ըսաւ որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խաբուած է եւրոպացիներէն, իսկ այլ ընդդիմադիրներ պնդեցին, որ վարչապետը այսպիսի առաջարկ մը ընելու ընթացքին ո՛չ միայն տեղեակ չպահեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, այլ մինչեւ իսկ նախարարաց խորհուրդը կամ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի իշխանութիւնները։